Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լի­բա­նա­նեան «Ալ­մա­նար» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Ժապ­հաթ Նուս­րա քան­դած է Լա­թա­քիոյ հիւ­սի­սա­յին գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող Ղ­նէյ­մի­յէ գիւ­ղին ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։

Պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին պատ­րաս­տած տե­սագ­րու­թեան մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի Ժագ ա­նու­նով ան­հատ մը, որ Ղ­նէյ­մի­յէ գիւ­ղին Սու­րիոյ բա­նա­կի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ անց­նե­լէն ետքտա­րի­նե­ րու սպա­սու­մէն ետք կայ­ցե­լէ իր տու­նըոր քա­րու­քանդ ե­ղած է։ Գիւ­ղին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին են­թար­կո­ւած են դի­տա­ւո­րեալ քան­դու­մի։ Քան­դո­ւած եւ պղծո­ւած են նաեւ գե­րեզ­ման­նե­րը։ Գիւ­ղի հայ բնա­կիչ­նե­րէն մէ­կը պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին կը յայտ­նէ.- «Այս չա­րի­քին ար­մա­տը թուր­քերն են. ի­րենք են,որ կա­ցու­թիւ­նը այս վի­ճա­կին հաս­ցու­ցին. ի­րենք են, որ քան­դե­ցին։ Իսկ զի­նեալ­նե­րը հա­րա­զատ կրկնօ­րի­նակն են թուր­քե­րունո­րոնք կրօնք չու­նինո՛չ երկ­րի վրայո՛չ ալ երկն­քի մէջ»։ Զի­նեալ­նե­րը գիւ­ղին մէջ միայն քան­դում ու տե­ղա­հա­նու­թիւն պատ­ճա­ռած են։ «Ալ­մա­նար»ի լրագ­րո­ղը տե­սե­րի­զի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը նշէ.- «­Հա­յե­րուն դէմ թուր­քե­րուն ջար­դե­րը կը կրկնո­ւին 21րդ դա­րուն. այդ է կար­ծի­քը հա­մեստ Ղ­նէյ­մի­յէ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն»։