Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՄարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նը մին­չեւ ­Մա­յիս 12 ժա­մա­նակ տո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նին եւ ­Հուն­գա­րիոյ՝ պա­տաս­խա­նե­լու ատր­պէյ­ճան­ցի ոճ­րա­գործ ­Ռա­միլ ­Սա­ֆա­րո­վը ար­տա­յանձ­նե­լու եւ վա­ղա­ժամ ա­զատ ար­ձա­կե­լու գոր­ծով դա­տա­րա­նի կող­մէ այդ պե­տու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղո­ւած հար­ցե­րուն:

 

Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշած է Մ.Ի.Ե.Դ.ի մէջ դի­մու­մա­տու` հայ սպայ ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նի հա­րա­զատ­նե­րու շա­հե­րուն պաշտ­պան ­Նա­զե­լի ­Վար­դա­նեան, դի­մող կող­մը կը ձգտի ա­մէն ինչ ը­նե­լու, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ճանչ­ցո­ւի իբ­րեւ առն­չա­կից կող­մի, քա­նի որ ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նը ­Հա­յաս­տան պե­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող զին­ծա­ռա­յող էր, երբ դա­ժա­նա­բար քնա­ցած պա­հուն սպան­նո­ւե­ցաւ ատրպէյ­ճան­ցի ոճ­րա­գործ ­Սա­ֆա­րո­վի կող­մէ:

«Այն, որ դա­տա­րա­նը գործն ըն­դու­նել է վա­րոյթ եւ ար­դէն մեկ­նար­կել է հա­ղոր­դակ­ցու­թեան փու­լը, մեծ ա­ռա­ջըն­թաց է: ­Մենք դրան ե­րեք տա­րի սպա­սել ենք, քա­նի որ հայ­ցը ներ­կա­յաց­րել էինք 2013թ. ­Փետ­րո­ւա­րի 28ին»,- ը­սած է ­Վար­դա­նեան:

Մ.Ի.Ե.Դ.ի մէջ ­Գու­րգէն ­Մար­գա­րեա­նի հա­րա­զատ­նե­րուն շա­հե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն նաեւ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Փաս­տա­բա­նա­կան ­Կեդ­րո­նը, հայ­կա­կան հա­սա­րա­կա­կան Legal Guide կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը: ­Գան­գա­տին մէջ կը պա­հան­ջո­ւի ճանչ­նալ, որ ­Հուն­գա­րիոյ կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին մար­դաս­պան ­Ռա­միլ ­Սա­ֆա­րո­վի ար­տա­յանձ­նու­մը եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­նոր շնոր­հո­ւած նե­րու­մը, ըստ էու­թեան` ար­դա­րա­ցու­մը եւ հե­րո­սա­ցու­մը կը խախ­տեն ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Ուխ­տա­գի­րի 2րդ ­յօ­դո­ւա­ծով (այն է` կեան­քի ի­րա­ւունք), 14րդ ­յօ­դո­ւա­ծով (խտրա­կա­նու­թեան ար­գելք) ամ­րագ­րուած հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րը: ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նը կրնայ պար­տա­ւո­րեց­նել՝ ոճ­րա­գոր­ծին ետ յանձ­նել ­Հուն­գա­րիոյ կամ կրել պա­տի­ժի մնա­ցած մա­սը նոյն Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: Վ­ճի­ռը կրնայ են­թադ­րել նաեւ դրա­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն:

­Մար­գա­րեա­նի հա­րա­զատ­նե­րը նաեւ կը շեշ­տեն, որ հայ սպան զոհ դար­ձած է ազ­գա­յին ա­տե­լու­թեան հո­ղի վրայ կա­տարուած յան­ցա­գոր­ծու­թեան, որ ա­ւե­լի ուշ ար­դա­րա­ցո­ւած է մար­դաս­պա­նին նե­րում շնոր­հե­լու եւ ա­զատ ար­ձա­կե­լու մի­ջո­ցով: ­Հուն­գա­րիա իր հեր­թին ինչ­պէս ընդգ­ծած են գան­գատ ներ­կա­յաց­նող­նե­րը, ար­տա­յանձ­նած է ­Սա­ֆա­րո­վը Ատրպէյ­ճա­նին ա­ռանց ե­րաշ­խիք­ներ ստա­նա­լու, որ յան­ցա­գոր­ծը այդ երկ­րին մէջ պի­տի կրէ իր դա­տավճ­ռով սահ­մա­նո­ւած պա­տի­ժը ամ­բող­ջու­թեամբ:

­Գան­գատ ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ ­Հայկ ­Մա­կու­չեա­նը, ո­րուն, ինչ­պէս պար­զած է դա­տա­րա­նը, ցան­կա­ցած է սպան­նել ­Սա­ֆա­րո­վը ­Պու­տա­փեշ­տի մէջ նոյն մի­ջա­դէ­պի ժա­մա­նակ:

­Թուր­քիոյ մէջ յա­տուկ պատ­րաս­տու­թիւն ան­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի ԶՈՒ սպայ ­Ռա­միլ ­Սա­ֆա­րո­վը 2004-ի ­Փետ­րո­ւա­րին կը մաս­նակ­ցէր ՆԱԹՕ-ի «­Գոր­ծըն­կե­րու­թիւն յա­նուն խա­ղա­ղու­թիւն» ծրագ­րի ծի­րէն ներս անգ­լե­րէ­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին նաեւ հայ սպա­ներ ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեանն ու ­Հայկ ­Մա­կու­չեա­նը:

2004ի ­Փետ­րո­ւար 19ի գի­շե­րը ­Ռա­միլ ­Սա­ֆա­րով թա­քուն մտած էր ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նի սե­նեա­կը եւ կա­ցի­նա­հա­րած՝ քնա­ցած հայ սպան:

Եր­կա­րա­տեւ դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցէ ետք 2006ի Ապ­րի­լին ­Սա­ֆա­րով ­Պու­տա­փեշ­տի դա­տա­րա­նին կող­մէ ցմահ ա­զա­տազրկ­ման դա­տա­պար­տո­ւած էր` 30 տա­րի ա­ռանց ներ­ման ի­րա­ւուն­քի: ­Հուն­գա­րա­կան դա­տա­րա­նը բազ­միցս յայ­տա­րա­րած էր ­Սա­ֆա­րո­վի` հայ­րե­նի­քին ար­տա­յանձ­նե­լու անհ­նա­րի­նու­թեան մա­սին, սա­կայն 2012ի Օ­գոս­տոս 31ին ­Սա­ֆա­րո­վը ար­տա­յանձ­նե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նին, ուր մար­դաս­պա­նին ­Նա­խա­գահ Ա­լիեւ ան­մի­ջա­պէս նե­րում շնոր­հեց, զի­նո­ւո­րա­կան բարձր կո­չում տո­ւաւ եւ միա­նո­ւագ վճա­րեց 8 տա­րո­ւան աշ­խա­տա­վար­ձը: ­Նոյն օ­րը պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը խզեց դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Պու­տա­փեշ­տի հետ: