Քանդակագործութեան Ազգային Պարկ (park)-Թանգարանը, Անիի Տիգրան Հոնենց Եկեղեցւոյ պատկանելութեան վիճարկման եւ թերի վերականգնման առիթով, նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի:
Թանգարանի տնօրէն Արթուր Գէորգեան «Երկիրն Այսօր»ին ըսած է, որ այս նախաձեռնութեան առիթը օրեր առաջ համացանցի մէջ յայտնուած լուսանկար մըն է: Այդ լուսանկարին մէջ կ՚երեւայ Տիգրան Հոնենց Եկեղեցւոյ ցուցանակը` եկեղեցւոյ վրացական պատկանելիութեան մասին գրութեամբ մը: Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ժառանգութեան Համաձայնագիրի յանձնախումբին եւ ամբողջ աշխարհի մտաւորականութեան ուղղուած թանգարանի նամակին մէջ կը նշուի, որ Տիգրան Հոնենց Եկեղեցւոյ ազգային եւ դաւանաբանական պատկանելիութեան վառ ապացոյցները եկեղեցւոյ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի տանջանքները պատկերող որմնանկարներն են:
Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողները ոլորտի թրքական պատասխանատու կառոյցներէն կը պահանջեն զերծ մնալ եկեղեցւոյ պատմական պատկանելութեան շուրջ յայտարարութիւններէ, իսկ եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած ցուցանակին մէջ նշել, որ անիկա հայկական-քրիստոնէական եկեղեցի է։ Անոնք կը պահանջեն այս փուլով չաւարտել եկեղեցւոյ գմբէթի շինարարութիւնը եւ յայտարարել հետագայ աշխատանքներու ընթացքն ու նպատակները, նաեւ՝ զերծ մնալ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային հակամարտութեան հրահրումէն:
Ստորագրահաւաքըկ՛իրականացուի change.org կայքինմէջ: Միացէ՛ք։