Նոյեմբեր 27-28ին ատրպէյճանցի հաքըրներ յարձակում գործած են աւելի քան 100 կայքերու դէմ: Անոնց մէկ մասը դեռ չէ վերականգնուած:
Տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտ Սամվէլ Մարտիրոսեանի խօսքով՝ յարձակումի ենթարկուած կայքերու լրիւ ցանկը չէ յստակացած, սակայն յայտնի դարձած է թէ անոնք մէկ կեդրոնական «սերվըրի» կը պատկանէին: