Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը (Մ.Ի.Ե.Դ.)։ ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահարուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան գործով, իբրեւ պատասխանող կողմ ճանչցած է Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւնները: Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Փաստաբանական Կեդրոնին
համաձայն, Մ.Ի.Ե.Դ. ատրպէյճանական եւ հունգարական կողմերէն պահանջած է պաշտօնապէս պատասխանել սպաննուած հայ սպային հարազատներու դիմումին: Մ.Ի.Ե.Դ.ի մօտ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատները կը ներկայացնեն Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Փաստաբանական Կեդրոնը, «Լիկըլ Կայտ» հայկական-հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Նազելի Վարդանեան: Յիշեցնենք, որ 19 Փետրուար 2004ի գիշերը, ատրպէյճանցի Ռ. Սաֆարով կացինահարած էր այդ պահուն քնացած Գուրգէն Մարգարեանը: Երկու սպաները կը մասնակցէին ՕԹԱՆի «Գործընկերութիւն յանուն Խաղաղութեան» ծրագիրի անգլերէնի դասընթացքին: Ապրիլ 2006ին, Պուտափէշտի դատարանը Սաֆարովը ցմահ բանտարկութեան դատապարտած էր` առանց 30 տարի ժամկէտով համաներման իրաւունքի: Օգոստոս 2012ին Վիքթոր Օրպանի որոշումով, Սաֆարով արտայանձնուեցաւ Ատրպէյճանի, ուր ան անյապաղ նախագահին կողմէ ներումի արժանացաւ, բարձրացաւ ծառայողական աստիճանի եւ ստացաւ նուէրներ` բնակարան եւ 8 տարուան աշխատավարձ: Հունգարիոյ այդ քայլին ի պատասխան` Հայաստան դադրեցուց այդ երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: