Կիրակի՝ 17 Յունուարին, Փասատինայի երեք հազար աթոռ ունեցող «Սիվիք» հանդիսասրահը փոքր եղաւ Հ.Յ.Դ. 125րդ տարեդարձին ներկայ ըլլալու փափաքով ձեռնարկի վայր հասած բազմութեան համար:
Դէպի սրահ մուտքը նոյնիսկ քիչ մը ընդվզեցնող կրնար ըլլալ շատերու համար: Տեղին է այստեղ ներողութիւն խնդրել ներս մտնել չկրցող հարիւրաւոր հայորդիներէն: Սրահի տնօրէնութեան եւ քաղաքի հրշէջ ծառայութեան խիստ կարգադրութիւններուն պատճառաւ, կարելի չէր առկայ աթոռներու թիւէն նոյնիսկ մէկ հոգի աւելի ընդունիլ ներս:
Յամենայնդէպս, ներկայացուած յայտագիրը վստահաբար մոռցնել տուաւ մուտքին հետ կապուած տաղտուկը: Այսօրուան թղթակցութիւնը պիտի բաւարարուի պարզ թուարկումովը յայտագիրի գլխաւոր մասերուն: Յաւելեալ տեղեկագրութիւն կը ներկայացնենք հետագային:
Հայաստանի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քայլերգները կատարուեցան Լարք երաժըշտական միութեան աշակերտներուն, իսկ Հ.Յ.Դ.ի քայլերգ «Մշակ Բանուորը»՝ Հ.Ե.Դ. Պատանեկան Միութեան երգչախումբին կողմէ:
Օրուան պատգամները փոխանցեցին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Յայտագիրը աւարտեցաւ «Փիլիպոս»ի աշակերտական երգչախումբին կատարողութեամբ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով, զոր յոտնկայս ունկնդրեց ժողովուրդը, որուն համար երեկոն ոգեշնչող իրադարձութիւն մը եղած էր։