Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ մահացած է քաղաքի ամենատարեց հայերէն մէկը` Սարգիս Էքեն: Էրքեն բնակած է Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ, ուր դեռ կը շարունակուի պարէտային ժամի դրութիւնը: 25 օր առաջ կտրուկ վատացած էր անոր առողջական վիճակը եւ զայն տեղափոխած էին վերակենդանացման
բաժանմունք: Էքենի կեանքը հնարաւոր չէ եղած փրկել, ան մահացած է գիշերը: Տիգրանակերտի մէջ ընթացող թուրք-քրտական զինեալ բախումներու հետեւանքով՝ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է ասորական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, այլ ոչ թէ՝ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։
1930 թուականին ծնած Սարգիս Էքեն 2015 թուականի Ապրիլին հարցազրոյց տուած էր բրիտանական BBCի թրքական ծառայութեան` ըսելով, որ իր միակ փափաքը աշխարհի խաղաղութիւնն է: «Ես կ՝ուզեմ, որ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, բայց ցաւօք ամէն կողմ պատերազմ է: Եղբայրս, որ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ կ՝ապրէր, պատերազմ սկսելէն ետք, վախենալով իր կեանքին համար, Հայաստան տեղափոխուած է»,- պատմած էր Էքեն: