Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԵր­կու­շաբ­թի՝ 18 Յու­նո­ւար 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ըն­դու­նած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Կա­թո­ղի­կէ Ե­պիս­կո­պոս­նե­րու Հա­մա­գու­մա­րը ներ­կա­յաց­նող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը` գլխա­ւո­րու­թեամբ Օս­քար Քան­թու Ե­պիս­կո­պո­սին: Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կազ­մած են Հա­մա­գու­մա­րի Ար­դա­րու­

թիւն եւ Խա­ղա­ղու­թիւն գրա­սե­նեա­կին տնօ­րէ­նը` դոկտ. Ս­թե­ֆըն Քո­լե­քի եւ Կա­թո­ղի­կէ Ն­պաս­տի Ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պու­թեան Լի­բա­նա­նի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տուն Տէյ­վիտ Պեռ­նո­քի:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի զա­նա­զան շրջան­ներ Հա­մա­գու­մա­րի այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ, ո­րուն ա­ւար­տին պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը իր տե­ղե­կա­գիր­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան Խոր­հուր­դին եւ Ծե­րա­կոյ­տին:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նած է, որ Սեպ­տեմ­բեր 2014ին նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, հինգ պատ­րիարք­նե­րուն ա­նու­նով ի­րենց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին ու յատ­կա­պէս քրիս­տո­նեա­նե­րուն ու­նե­ցած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ա­պա՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, վեր­լու­ծե­լով Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, շեշ­տած է քրիս­տո­նէու­թեան ներ­կա­յու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, իբ­րեւ շրջա­նի ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­կան տար­րե­րէն մէ­կը եւ հաս­տա­տած է, որ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ի­րենց գե­րա­գոյն ճի­գը կը թա­փեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն անվ­տան­գու­թիւնն ու շրջա­նին մէջ գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար: Ա­րամ Ա. նշած է, որ մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը եւս այս ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք պէտք է տա­նի:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու ծա­ւա­լած ա­հա­բեկ­չու­թեան ե­րե­ւոյ­թին` Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս զայն ո­րա­կած է հա­մաշ­խար­հա­յին վտանգ, որ ո՛չ ցե­ղա­յին, ո՛չ կրօ­նա­կան եւ ո՛չ ալ հա­մայն­քա­յին պատ­կա­նե­լու­թեանց մի­ջեւ սահ­ման կամ խտրու­թիւն կը դնէ: Ա­հա­բեկ­չու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը ամ­բողջ աշ­խար­հին վրայ ի­րենց ժխտա­կան անդ­րա­դար­ձը կ­՛ու­նե­նան, հե­տե­ւա­բար Մ.Ա.Կ. եւ մի­ջազ­գա­յին այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ պէտք է լու­ծում­նե­րու մա­սին մտա­ծեն:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վեր­ջա­պէս ար­տա­յայտուած է Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­ռանց յա­պա­ղու­մի կա­տա­րե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան մա­սին` յի­շեց­նե­լով, որ Լի­բա­նա­նի քրիս­տո­նեայ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ կը ներ­կա­յաց­նէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րը:

Ա­ւար­տին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պա­տաս­խա­նած է ի­րեն ուղ­ղո­ւած հար­ցում­նե­րուն: Իսկ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած են Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ իր կա­տա­րած վե­րար­ժե­ւո­րում­նե­րուն, վեր­լու­ծում­նե­րուն, ի­րա­պաշտ մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ լու­սա­բա­նիչ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար: