Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՄոս­կո­ւա­յի Թ­րե­թեա­կո­վեան պե­տա­կան պատ­կե­րաս­րա­հը 2016 թո­ւա­կա­նի Յու­լիսՆո­յեմ­բե­րին, Լոն­տո­նի Դի­ման­կար­նե­րու Ազ­գա­յին Պատ­կե­րաս­րա­հին եւ Վա­տի­կա­նի թան­գա­րա­նին հետ, պի­տի կազ­մա­կերպԷ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­կիի 200ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէս, ուր պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին նկա­րի­չի ա­ռա­ւել նշա­նա­կա­ լի

կտաւ­նե­րը, նե­րա­ռեալ` «­Ծիա­ծա­նը» եւ «­Սեւ ծո­վը»` Թ­րե­թեա­կո­վեան պատ­կե­րաս­րա­հէն, ինչ­պէս նաեւ «Ին­նե­րորդ ա­լի­քը» եւ «Ա­լե­կո­ծու­թիւ­նը»` ռու­սա­կան թան­գա­րա­նէն: Ըն­դա­մէ­նը ցու­ցադ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցո­ւած կըլ­լան Այ­վա­զովս­կիի հա­րիւր կտաւ­ներ եւ 50 գծագ­րեալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, նե­րա­ռեալ ա­ւե­լի վաղ եր­բեք չցու­ցադ­րո­ւած «­Կով­կա­սի ա­փե­րուն մօտ» կտա­ւը։ Այս մա­սին, ըստ Artsakhpress.amի, յայտ­նած է TASS լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը։