Բրիտանական հեղինակաւոր The Times թերթը յօդուած հրատարակած է Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) հին հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին վերաբերեալ` պատմելով, թէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող պայթիւններն ու ռազմական գործողութիւնները ինչպէ՞ս կը վնասեն պատմական հայկական կոթողին: Ըստ Armenpress.amի՝ The Timesի լրագրող Հանա Լուսինտա Սմիթ խօսած է եկեղեցւոյ խորհուրդի ղեկավար Գաֆուր Թուրքայի հետ, որ ներկայացուցած է, թէ որոտացող պայթիւնները ինչպէ՞ս կը վնասեն եկեղեցւոյ: Լրագրողը նշած է, որ հայկական Սուրբ Կիրա
կոս եկեղեցին փակուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ եւ վերաբացուած միայն 2011ին: Գաֆուր Թուրքայը գանգատած է, որ երբ Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ, ուր տեղակայուած է եկեղեցին, յայտարարուած է կրակմար եւ շրջագայութեան արգելքը, իրենք չեն կրցած երթալ Սուրբ Կիրակոս եւ տեսնել, թէ եկեղեցին որքա՞ն վնասուած է: The Timesի մէջ հրապարակուած յօդուածին հեղինակը նշած է, որ ժամանակակից Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններու բնակիչ հայերը 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդներն են: «Պատմութեան մէջ ասիկա դրուագ մըն է, որ կը շարունակէ տրաւմայի (մտատանջութեան) ենթարկել եւ բաժնել երկիրը: Սպանութիւններու մեծ մասը իրականացած է քիւրտ զինուորներու կողմէ` օսմանեան զօրավարներու հրամանով»,- պատմած է լրագրող Լուսինտա Սմիթ` նշելով, որ որոշ քրտական ընտանիքներ, վերցնելով հայ երեխաներ, անոնց մեծցուցած են իբրեւ իսլամներ: Սակայն մեր օրերուն անոնց ժառանգորդները՝ յայտնաբերելով, որ հայեր են, վերադարձած են իրենց քրիստոնէական արմատներուն: