Լաս Վեկասի «Ուինն» պանդոկի հրուշակագործ-ձեւաւորող Ֆլորա Աղապապեան վերջերս Օքլահոմայի Թուլսա քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ հարսանեկան կարկանդակներու աշխարհի մրցումին ու գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ:
Ան կրցաւ առաւելութեան հասնիլ հարսանեկան կարկանդակներու ձեւաւորող լաւագոյն վարպետներու դիմաց, որոնք նոյն երդիքին տակ համախմբուած էին երկրագունտի զանազան անկիւններէն:
Ֆլորա Աղապապեան Լաս Վեկասի «Ուինն» պանդոկի մէջ իբրեւ հրուշակագործ աշխատած է 2007-էն ի վեր, պատրաստած է կարկանդակներ եւ այլ խմորեղէններ՝ պանդոկի մէջ կատարուած հարսնիքներու եւ յատուկ այլ միջոցառումներու համար: «Աղապապեանի հրաշալի տաղանդն ու վառ երեւակայութիւնը ալիւրով ու հաւկիթով, շաքարով ու սիրով շաղախուած գլուխ գործոցներ ստեղծած են», կը գրէ ամերիկեան թերթ մը:
Ֆլորա Աղապապեան 2000-ին Հայաստանէն Ամերիկա գաղթած է եւ մասնագիտական որեւէ կրթութիւն չէ ստացած հրուշակագործութեան ոլորտէն ներս: Ան ամէն ինչ ինքնուրոյն սորված է, կարդալով ու անվերջ պատրաստելով, ձեւաւորելով ու ձեւափոխելով զանազան նախշեր ու մանրամասնութիւններ: Ան ասպարէզով պարուհի է, իսկ կարկանդակներ թխելն ու ձեւաւորելը պարզապէս մանկութեան տարիներու «հոպպի» եղած են:
Աւելի վերջ, արդէն Ամերիկայի մէջ, հրուշակային արուեստի կրկնօրինակը չունեցող գործերու՝ կարկանդակներու եւ զանազան խմորեղէններու տեսքով:
Ֆլորա Աղապապեան կը պատմէ որ աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին քանի մը անգամ զուարճալի դէպքեր պատահած են, երբ պատուիրատուներ իր ձեւաւորած կարկանդակը յաջորդ օր ետ բերած են, ըսելով թէ պարզապէս չեն կրցած կտրել եւ ճաշակել, այնքան մեծ եղած է իրենց հիացումն ու զարմանքը...:
Ֆլորայի կարկանդակները իսկապէս կը յիշեցնեն ճենապակիի արուեստի նրբաճաշակ ստեղծագործութիւններ՝ գոյներու, գիծերու ու յղացման նրբաճաշակ համադրութիւններով: