Երեքշաբթի՝ 5 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Եպիսկոպոս եւ յանձնեց, Հայոց Ծննդեան տօնին առիթով, Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւններ յայտնող Ֆրանսիս Պապին նամակը: Պապական Նուիրակը Արամ Ա. Կա թողիկոսին փոխանցեց նաեւ Վատիկանի գլխաւոր պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնները:
Այս առիթով՝ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց, Հայոց Ցեղասպանութան 100ամեակին առիթով, հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ ընդհանրապէս Վատիկանի ու յատկապէս Ֆրանսիս Պապի ցուցաբերած ամբողջական զօրակցութեան համար:
Ապա՝ խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի նոր զարգացումներուն եւ այդ ծիրէն ներս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յառաջացած լարուածութեան վրայ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ ամէն գնով առաջքը առնուի այս լարուածութեան առաւել բարդացման, որուն հետեւանքները կրնան ըլլալ ժխտական՝ ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս: Նաեւ քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց Պապական Նուիրակին, որ Վատիկանի անունով քաղաքական կողմերուն հետ հանդիպումներ ունենայ՝ թելադրելով, որ հեռու պահեն Լիբանանը շրջանային հարցերէն եւ առաջնահերթութիւն ընծայեն նախագահական ընտրութեան: