Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԻ­րա­նի Սուրբ Ս­տե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցին բրի­տա­նա­կան The Telegraphը կը հա­մա­րէ աշ­խար­հի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ տա­ճար­նե­րէն մէ­կը: «Այս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին կը գտնո­ւի Ի­րա­նի հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քը՝ բնա­կա­վայ­րե­րէ հե­ռու, կա­նաչ դաշ­տա­վայ­րի մը մէջ, որ երբ տես­նես, կը հա­մո­զո­ւիս, որ Ի­րա­նի մէջ ոչ միայն ա­նա­պատ­ներ եւ մզկիթ­ներ կան: Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րը, որմ­նա­խոր­շերն ու գմբէ­թը զար­դա­րո­ւած են որմ­նան­կար­նե­րով եւ քան­դակ­նե­րով: Ո­մանք կը հա­ւա­տան, որ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը պա­հո­ւին Սուրբ Գ­րի­գո­րի մա­սունք­նե­րը»,- ըստ News.amի՝ նշո­ւած է բրի­տա­նա­կան թեր­թի յօ­դո­ւա­ծին մէջ:

Հ­րա­պա­րակ­ման մէջ կը յի­շա­տա­կո­ւին նաեւ Ուգ­լի­չի Սուրբ Տի­միթ­րի ե­կե­ղե­ցին, Ս. Փե­թերզ­պուր­կի Ս. Փր­կիչ տա­ճա­րը, Փա­րի­զի Սեն Շա­փե­լը, Լոն­տո­նի Սուրբ Բար­թու­ղի­մէո­սի ե­կե­ղե­ցին, Քեմպ­րի­ճի Քինկս-­Քո­լեճ-­Չե­փը­լը, Ե­թով­պիոյ Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղե­ցին, ճար­տա­րա­պե­տա­կան այլ հրաշք­ներ: