Կուսակցութեան նախագահ, ազգութեամբ թուրք Լութուի Մեսթանի կողմէ ռուսական օդանաւի կործանման հարցով Թուրքիոյ իր աջակցութիւնը յայտնելու վերաբերեալ յայտարարութեան ընթերցումը զայրացուցած է կուսակցութեան պատուոյ նախագահ Ահմէտ Տողանը:
Վերջինս հրաւիրած է կուսակցութեան խորհուրդի նիստ եւ հեռացուցած է Մեսթանը իր պաշտօնէն: Լութուի Մեսթան, որ զրկուած է անվըտանգութեան աշխատակիցներէ, ապաստան խնդրած է Սոֆիայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունէն եւ իր երեխաներուն հետ տեղափոխուած է հոն: Կը հաղորդուի, որ խնդրին խառնուած է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուն, որ զանգահարած է Պուլկարիոյ իր պաշտօնակիցին ու խնդրած է աջակցիլ Մեսթանին: Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով յայտնած է, որ ան որեւէ կողմի պիտի չաջակցի: