Երկուշաբթի՝ 28 Դեկտեմբեր 2015ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս, որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, իր գրասենեակին մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ նոյն Խորհուրդի ընհանուր քարտուղար Հայր Միշէլ Ժալըխի եւ փոխ-քարտուղար Տիար Իլիաս Հալապիի, ինչպէս
նաեւ տեղեկատուական եւ մարդասիրական բաժանմունքներու տնօրէններուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն կատարուող մարդասիրական օժանդակութիւնը աւելի կազմակերպ հիմերու վրայ դնելու կարելիութիւնները։ Նորին Սըրբութիւնը թելադրեց այս ծիրէն ներս կապ պահել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի հետ առնչուած մարդասիրական ծառայութիւն մատուցող կառոյցներուն հետ՝ անոնցմէ ապահովելու անհրաժեշտ օգնութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ թելադրեց Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ յառաջացնել աշխատանքային մարմիններ։
Նկատի ունենալով, որ Սուրիան հանգրուանային կերպով պիտի ընթանայ դէպի վերականգնում ու վերակազմակերպում՝ հետեւաբար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը պատրաստ պէտք է ըլլայ իր ամբողջական աջակցութիւնը ընծայելու քրիստոնեայ համայնքներուն,- ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Խորհուրդին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, Վատիկանի եւ Միջ-եկեղեցական այլ մարմիններու հետ գործակցութեան առնչուած հարցեր։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ համաժողովի պատրաստութեան աշխատանքները։