«Վերջին շաբթուան ընթացքին ազատագրուած է հինգ բնակավայր»,- ըսած է Ռուտսքոյ: Ան նաեւ նշած է, որ սուրիական զօրքերը անօրինական զինուած կազմաւորումներու շրջապատման օղակը կը սեղմեն Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ:
«Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ կառավարական ուժերը հսկողութիւն կը հաստատեն Մարճ-Սուլթան բնակավայրի նկատմամբ՝ սեղմելով անօրինական զինեալ կազմաւորումներու շրջափակման օղակը Նաշապիա, Նուլա, Տումա, Զիպտին ուղղութիւններով»,- ըսած է ան:
Ռուսիոյ գլխաւոր սպայակոյտի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 30էն ի վեր, երբ սկսաւ ռազմական գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ, ռուսական օդուժը իրականացուցած է աւելի քան 5,2 հազար մարտական թռիչք: Ի դէպ՝ 145 թռիչք կատարած են ռազմավարական հրթիռակիր եւ հեռաւոր ռմբակոծիչ օդանաւերը: