Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մար անց­նող տա­րին լի էր ձեռք­բե­րում­նե­րով եւ, նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գնա­հատ­մամբ, կա­ռոյ­ցի առ­ջեւ դրո­ւած խնդիր­նե­րուն մեծ մա­սը կրցած են լու­ծել: Նա­խա­րա­րը ա­ռա­ջին հեր­թին կը շեշ­տէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ուր իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած է նաեւ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը: «­ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ 13 գի­տա­կան հա­մա­ժո­ղով­ներ են կա­յա­ցել, կա­տա­րո­ւել են գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, սփիւռ­քի բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը մաս­նակ­ցել են մի­ջո­ցա­ռում­նե­րին»,- ըստ «Ար­ցախփրես»ի՝ ը­սած է Հ. Յա­կո­բեան:

Տա­րո­ւան ըն­թաց­քին կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեծ ե­ղած է, եւ ա­ւե­լի քան 2000 սփիւռ­քա­հայ ե­րե­խայ մաս­նակ­ցած է նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն: Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գնա­հատ­մամբ՝ ներ­կայ դրու­թեամբ կա­ռոյ­ցը կը փոր­ձէ կա­պեր հաս­տա­տել նաեւ հե­ռա­ւոր հա­մայնք­նե­րուն հետ: Ա­ռա­ջին փոր­ձը ե­ղած է Աւստ­րա­լիոյ հայ հա­մայն­քին հետ, ա­մա­նո­րեայ տօ­նե­րուն «­Ծաղ­կա­զարդ» երգ­չա­խում­բը պի­տի մեկ­նի Քամ­չատ­քա հա­մերգ­նե­րու, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ­՛ամ­րապն­դին նաեւ Գա­նա­տա­յի հայ հա­մայն­քին հետ: Հ­րա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի խօս­քով՝ կա­ռոյ­ցը մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նէ սփիւռ­քի դպրոց­նե­րու հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան տա­րած­ման խնդիր­նե­րուն: Այդ նպա­տա­կով սփիւռ­քի 900 ա­մէ­նօ­րեայ եւ միօրեայ դպրոց­նե­րուն յատ­կա­ցուած է 50.000 կտոր գրա­կա­նու­թիւն: Նա­խա­րա­րին գնա­հա­տու­մով՝ կա­ռոյ­ցի գերխն­դի­րը ար­դէն 3 տա­րի է կը շա­րու­նա­կէ մնալ սու­րիա­հա­յե­րու խնդի­րը: Ըստ ա­նոր՝ այս պա­հուն Հա­յաս­տա­նի մէջ կը բնա­կի 17 հա­զար սու­րիա­հայ, ո­րոնց­մէ 1800ը դպրո­ցա­կան, 500ը` ու­սա­նող: 2012-2015 թո­ւա­կան­նե­րուն Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ստա­ցած է 12.000 սու­րիա­հայ, 1650ը՝ ստա­ցած է յա­տուկ կա­ցու­թեան կար­գա­վի­ճակ: Աշ­խա­տան­քի խնդրան­քով նա­խա­րա­րու­թիւն դի­մած է 2200 սու­րիա­հայ: Աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ման հար­ցով նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­մա­գոր­ծակ­ցած է 200 պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու հետ: 500է ա­ւե­լի սու­րիա­հայ աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւո­րո­ւած է փոքր պիզ­նե­սի մէջ ար­դէն իսկ կա­յա­ցած սու­րիա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու մօտ: Այս պա­հուն 1000է ա­ւե­լի սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք բնա­կա­րա­նի վարձ կը ստա­նայ բա­րե­գոր­ծա­կան տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ: