«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը
նոր գիրքեր հրատարակելով
Պոլսոյ գրախանութներուն մէջ պատուաւոր տեղ կը գրաւեն հայկական «Արաս» հրատարակչատան գիրքերը, որ երկար տարիներու փորձառութեամբ կը շարունակէ կարեւոր գիրքեր ներկայացնել Թուրքիոյ հանրութեան, հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով:
Ամէն գնահատանքի արժանի խիզախ նախաձեռնութիւններով լեցուն են «Արաս»ի հրատարակութիւնները, որ պոլսահայ ուշագրաւ արձակագիրներու եւ հեղինակաւոր բանաստեղծներու գործերը կը հրամցնէ հանրութեան:
Վերջերս, միջազգային հեղինակաւոր ՓԷՆ ակումբը «Կեաւուր թաղ» գիրքը ընտրած է, որպէս ամսուայ գիրք, նշելով թէ «սոյն գիրքը կոչ կÿուղղէ մշակութային բազմազանութեամբ հարուստ հասարակութեան մէջ, խորապէս ընկալել բոլորի կարեւոր ներդրումը»: Գիրքի հեղինակը Մկրտիչ Մարկոսեանն է, որ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը ներկա-յացնէ իր սեփական ծննդավայրը՝ Տիարպեքիրը, իր հայով, ասորիով, քաղդեացիով, հրիայով, եզիտիով, թուրքով ու քիւրտով, իրեն յատուկ լեզուով, ուրախութեամբ ու տխրութեամբ: «Արաս» հրատարակչատան բծախնդիր աշխատանքի արդիւնքով, երեք լեզուներով տպագրուած «Կեաւուր թաղ»-ը իսկական նուէր մըն է, որ մատուցուած է, որպէսզի Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներու բոլոր հին լեզուներու՝ խաղաղութեան մէջ քով-քովի գոյատեւելու բաղձանքը դառնայ իրականութիւն:
Գէորգ Պուրնութեանի «Հայոց պատմութիւնը»
Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց փրոֆ. Գէորգ Պուրնութեանի «Հայոց Պատմութիւն» հատորը: 646 էջերբէ բաղկացեալ այս աշխատանքին մէջ Պուրնութեան կÿուսումնասիրէ հայոց յարաբերութիւնները ուրարտական, պարսկական, հռոմէական, հելլէնական, խաչակրաց, օսմանական, ռուսական, արաբական եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեանց հետ: Ժամանակագրականօրէն, քարտէսներով եւ աղիւսակներու ընկերակցութեամբ, գրքին մէջ ի յայտ կը բերուին թագաւորութիւններու, պատերազմներու, գաղթերու եւ տնտեսական վերիվայրումներու շուքին գտնուող հայկական բանակավայրին ենթարկուած փոփոխութիւնները:
Գէորգ Պուրնութեան 1943ին ծնած է Իրան: 1999էն ի վեր կը դասաւանդէ Նիւ Եորքի Իոնա համալսարանէն ներս, Միջին Արեւելքի եւ Ռուսաստանի պատմութիւն թեմաները, միաժամանակ հայոց պատմութեան դասեր տալով ԱՄՆի զանազան համալսարաններու մէջ: Բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու տէր պատմաբանը իր աշխատանքները կը շարունակէ հայերէն, պարսկերէն, ռուսերէն, լեհերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով:
Զահրատի բանաստեղծութիւնները եւ այլ գիրքեր
Հարուստ է ցանկը «Արաս» հրատարակչատան, որ իր գիրքերը կը տրամադրէ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն, նաեւ իր արդիական կայքէջին միջոցաւ: Կարելի է գիրքեր ստանալ www.arasyayincilik.com հասցէի միջոցաւ:
Սակաւաթիւ գրողներու շարքին կը դասուի պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատը, բուն անունով՝ Զարեհ Եալտըզճեան, որ ծնած է Պոլիս, 10 Մայիս 1924-ին։ Կանուխ տարիքին գրել սկսած է բանաստեղծութիւններ՝ աշխատակցելով պոլսահայ պարբերական մամուլին։ Ունի քերթողական հարուստ վաստակ մը, որ հետագային ամփոփուեցաւ Բանաստեղծութիւններ Ա. եւ Բ. հատորներու մէջ։ Արդարեւ, «Բանաստեղծութիւններ Ա.» հատորը կը բովանդակէ 364 բանաստեղծութիւններ՝ հրատարակուած 1960-1990 թուականներուն։ Իսկ «Բանաստեղծութիւններ Բ.» հատորը կը բովանդակէ 213 բանաստեղծութիւններ՝ գրուած 1990-2005 թուականներուն: