Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՄիա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ի­լի­նոյս նա­հան­գի հան­րա­պե­տա­կան ծե­րա­կու­տա­կան ­Մարք ­Քըրք ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նած է ա­մե­րի­կա­հա­յե­րը՝ Ա.Մ.Ն. ­Ծե­րա­կոյ­տին մէջ տա­րե­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով, ո­րու ըն­թաց­քին յա­ճախ ընդգծուած է խա­ղա­ղու­թեան ու ա­զա­տու­թեան ուղ­ղո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի յանձ­նա­ռու­

թիւ­նը: Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես»ին տե­ղե­կա­ցու­ցած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը: «Ա­զա­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հար­ցով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ու­նե­ցած յանձ­նա­ռու­թիւ­նը նշե­լու ա­ւե­լի լաւ վայր չկայ, քան ­Ծե­րա­կոյ­տը, ինչ­պէս Ս­տե­փա­նա­կեր­տը՝ ան­կա­խու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման խորհր­դա­նիշ»,- իր ու­ղեր­ձին մէջ ը­սած է ­Քըրք: Ան դա­տա­պար­տած է Ատըր­պէյ­ճա­նի սաստ­կա­ցող նա­խա­յար­ձա­կու­մը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դէմ՝ նշե­լով, որ «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը այս պա­հուն չի զգար այն նոյն խա­ղա­ղու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը, ինչ­պէս մենք ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ: ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յե­րը ա­մէ­նօ­րեայ պայ­քար կը մղեն ի­րենց ան­ձին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար՝ ընդ­դէմ դրա­ցի Ատըր­պէյ­ճա­նի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն»: ­Քըրք ող­ջու­նած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Էտ ­Ռոյ­սի եւ դե­մոկ­րա­տա­կան գոր­ծիչ Է­լիոթ Էն­կե­լի ա­ռա­ջարկ­նե­րու ծրա­գի­րը՝ ուղղո­ւած հայ-ատրպէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին եւ ղա­րա­բա­ղեան-ատրպէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան պահ­պան­ման: Ան ընդգ­ծած է, որ ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած են այս ա­ռա­ջար­կին, մինչ­դեռ Ատր­պէյ­ճա­նը՝ ոչ: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ծե­րա­կու­տա­կա­նին դիր­քո­րո­շու­մը բարձր գնա­հա­տա­կա­նի ար­ժա­նա­ցած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Քեն ­Խա­չի­կեա­նի կող­մէ, որ յոյս յայտ­նած է, թէ ­Մարք ­Քըր­քի հետ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին եւ ա­ռա­ջին յար­մար ա­ռի­թին ­Ռոյս-Էն­կել ա­ռա­ջարկ­նե­րը կեան­քի կը կո­չո­ւին: