Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt«­Հո­րի­զոն» շա­բա­թա­թեր­թը կը գրէ, որ Ա­սո­րա­կան Մի­ջազ­գա­յին Լու­րեր գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է, Սու­րիոյ մէջ, Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն (Ի.Պ.) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման եւ այլ մահ­մե­տա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ ոչն­չա­ցո­ւած քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ցան­կը: Ըստ շա­բա­ թա­թեր­թին` ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ոչն­չա­ցու­ցած են նաեւ 4 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի:

Ապ­րիլ 28ին Ի.Պ. ռմբա­կո­ծած է Հա­լէ­պի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, 2014 թո­ւա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին Ի.Պ.ի կող­մէ ոչն­չա­ցո­ւած է Տէր Զօ­րի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի ե­կե­ղե­ցին, Ռաք­քա­յի հայ­կա­կան կա­թո­ղի­կէ Նա­հա­տա­կաց ե­կե­ղե­ցին այ­րո­ւած է Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ, իսկ խա­չը հե­ռա­ցո­ւած է ժա­մա­տան գա­գա­թէն:

Խմ­բա­ւո­րու­մը այ­րած է նաեւ Թալ Ա­պեա­տի հայ­կա­կան Սուրբ Խաչ ե­կե­ղե­ցին: Յի­շեցը­նենք, որ 2014ին զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ Քե­սա­պի գրաւ­ման ըն­թաց­քին իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը այ­րած եւ կո­ղոպ­տած են Քե­սա­պի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: