Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Պոլ­սոյ «­Ճա­զա­յիր» մամ­լոյ ա­սու­լիս­նե­րու եւ հա­մա­գու­մար­նե­րու յա­տուկ կեդ­րո­նին մէջ, ­Դեկ­տեմ­բեր 9ին, տե­ղի ու­նե­ցած է ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տին նո­ւի­րո­ւած մամ­լոյ ա­սու­լիս՝ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ թուրք փաս­տա­բան­նե­րուն: ­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ­

Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած են ­Յու­սիկ Ծ. Վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան (վա­րիչ՝ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան բա­ժան­մունք­նե­րու) եւ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեան (վա­րիչ՝ լսա­տե­սո­ղա­կան բա­ժան­մուն­քի):

­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ներ­կայ գտնո­ւած են ­Թուր­քիոյ եւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի կա­րե­ւոր օր­գան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը` «­Ճում­հու­րի­յէթ», «­Հիւր­րի­յէթ», «­Ռա­տի­քալ», «­Ռոյ­թըրզ» եւ «­Պի.­Պի.­Սի.», ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան զա­նա­զան հո­սանք­նե­րու պատ­կա­նող մտա­ւո­րա­կան­ներ, ­Թուր­քիոյ մէջ Իր­լան­տա­յի եւ ­Հո­լան­տա­յի հիւ­պա­տոս­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան:

­Յայտ­նենք, որ դա­տի յանձ­նա­խում­բը նման ա­սու­լիս­ներ կազ­մա­կեր­պած էր Ո­ւա­շինկ­թը­նի, ­Ժը­նե­ւի եւ ­Լի­բա­նա­նի մէջ, իսկ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով` յատ­կա­պէս Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն ճամ­բով, ար­ձա­գան­գած էր դա­տի զար­գա­ցում­նե­րուն:

Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ­Թուր­քիոյ մէջ, դա­տին մա­սին տե­ղի կ­՛ու­նե­նար նման մամ­լոյ ա­սու­լիս, ո­րուն նպա­տակն էր թրքա­կան մա­մու­լին ճամ­բով լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցել ­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դին: ­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին խօսք ա­ռած են դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ թուրք փաս­տա­բան ­Ճեմ ­Սո­ֆո­ւօղ­լու, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ ­Թա­ներ Աք­չամ եւ ­Յու­սիկ Ծ. Վրդ. ­Մար­տի­րո­սեան: ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տը լայն հե­տաքրք­րու­թիւն արթն­ցու­ցած է ներ­կա­նե­րուն մօտ, ո­րոնք զա­նա­զան հար­ցում­նե­րու մի­ջո­ցով յա­ւե­լեալ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ խնդրած են: ­Ներ­կա­նե­րէն ո­մանք շեշ­տած են յի­շեալ դա­տին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, 100 տա­րի­ներ ետք զայն նկա­տե­լով ե­զա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ թուրք պե­տու­թեան հա­մար ա­սի­կա ա­ռիթ մը կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին: Ն­շենք, որ անց­նող քա­նի մը օ­րե­րուն շուրջ 50 թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ՝ օ­րա­թեր­թեր, կայ­քեր, ըն­կե­րա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ, պլոկ­ներ, լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան դա­տին: