Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Թարգմանչաց Վարժարանի Ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցանեն, թէ Փարիզի արուարձան Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց Վարժարանը, վերանուանուելով Համազգային-Թարգմանչաց Վարժա
րան, կը միանայ Համազգայինի կրթական հաստատութիւններու ծրագիրին:
Իսի-լէ-Մուլինօ հաստատուող առաջին հայերը եղած են 1915ի Ցեղասպանութենէն վերապրողներ: Աւելի ուշ, 1970-2000 թուականներուն անոնց միացած են Լիբանանէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն ներգաղթողներ` համայնքին թիւը հասցնելով 5 հազարի: Խմբուելով 1975ին հաստատուած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ, այս համայնքն է, որ 1996ին հիմը կը դնէր Թարգմանչաց Վարժարանին, արդիւնք` պարոն Զատիկ Ասլանեանի անխոնջ ճիգերուն եւ տեղւոյն քաղաքապետարանի աջակցութեան: Թարգմանչաց Վարժարանը ֆրանսական պետութեան հետ իր համաձայնագիրը կը կնքէ 2005ին:
3 հազար քառ. մեթր տարածութեան վրայ կառուցուած Թարգմանչաց Վարժարանի եռայարկ շէնքը ունի 15 դասարաններ, հանդիսասրահ եւ ներքին ու արտաքին բակեր: Վարժարանը կը լրացնէ պետութեան կողմէ սահմանուած ապահովական բոլոր կանոնները եւ կրնայ ընդունիլ 400 աշակերտ: Ներկայիս վարժարանը ունի շուրջ 80 աշակերտներ, որոնք կը յաճախեն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի կարգերը: Կը ծրագրուի մօտիկ ապագային մեկնարկել վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները:
Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանի ուսումնական ծրագիրը կը կազմեն պետութեան կողմէ ճշդուած ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ծրագիրները, որոնք կ՛ամբողջանան հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդութեամբ: Նախակրթարանէն շրջանաւարտներու յաջողութեան տոկոսը 100 առ հարիւր է, իսկ անոնց նիշերու միջինը` 80 առ հարիւր: Այսպիսով, Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանը առիթ կ՛ընծայէ Իսի-լէ-Մուլինոյի եւ շրջակայ թաղամասերու հայ համայնքի մանուկներուն, որ անոնց կրթութիւնը հարստանայ ֆրանսական եւ հայկական երկճիւղ մշակոյթներով, որոնք կը կազմաւորեն ապագայ քաղաքացին:
Համազգայինի գոյութիւն ունեցող կրթական հաստատութիւններու ծրագիրին կը միանայ Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանը, որ զօրացած հայ համայնքի սրտին մէջ իր քսան տարիներու գոյութեամբ` պիտի վայելէ Համազգայինի տասնամեակներու կրթական եւ մշակութային գործունէութեան արգասիքը` ըլլա՛յ այդ ուսուցիչներ պատրաստելու, երկարաշունչ կրթական ծրագիրներ մշակելու եւ Պէյրութի, Մարսէյլի ու Սիտնիի Ճեմարաններու փորձառութեան ճամբով, ըլլա՛յ Համազգայինի համասփիւռքեան եւ հայրենական կազմակերպական ցանցով կամ մշակութային միջազգային ծրագիրներ հովանաւորելով:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թարգմանչաց Վարժարանի միջեւ Շաբաթ՝ 5 Դեկտեմբեր 2015ին կնքուած գործակցութեան պայմանագիրը զայն ստորագրող կողմերուն կու տայ Համազգային-Թարգմանչաց Վարժարանի բարգաւաճման եւ յարատեւութեան ապահովութեան երաշխիքը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
11 Դեկտեմբեր 2015
Պէյրութ