Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայած Է ռուս զինուորականներուն Սուրիոյ մէջ գործել առաւելագոյն խստութեամբ` ոչընչացնելով ռուսական զինուած ուժերուն սպառնացող որեւէ թիրախ: «Կը հրամայեմ գործել առաւելագոյն խստութեամբ: Ռուսական խմբաւորման կամ ցամաքային ենթակառու
ցուածքին սպառնացող որեւէ թիրախ ենթակայ է անյապաղ ոչընչացման»,- ըսած է Փութին, պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ընդլայնուած նիստի ընթացքին: Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկիչները ուղղակի սպառնալիք են Ռուսիոյ համար, եւ Մոսկուայի գործողութիւնները թելադրուած են ոչ թէ վերացական շահերով, այլ երկիրը պաշտպանելու մտադրութեամբ: Նախագահը պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած է Սուրիոյ մէջ հակա-ահաբեկչական գործողութիւնները համաձայնեցնել Իսրայէլի հրամանատարութեան եւ Ա.Մ.Ն.ի գլխաւորած միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ: «Կարեւոր է զարգացնել համագործակցութիւնը բոլոր այն պետութիւններուն հետ, որոնք իրապէս շահագրգռուած են ահաբեկիչներու վերացմամբ: Նկատի ունիմ նաեւ թռիչքներու անվտանգութեան ապահովման շուրջ շփումները Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու հրամանատարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքի ուժերուն հետ»,- յայտարարած է Փութին: