-
Details
-
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
-
Ռուսական «Սմետլիվի» ռազմանաւը Դեկտեմբեր 13ին Եգէական ծովուն մէջ նախազգուշական կրակ բացած է թրքական ձկնորսական նաւու մը ուղղութեամբ: Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն` ռուս ծովայինները կրակած են, երբ թրքական նաւը յայտնուած է ռազմանաւէն «անթոյլատրելի» հեռաւորութեան` 600 մեթրի վրայ: «Թրքական նաւը չէ պա տասխանած ռուսական անձնակազմին նախազգուշացումներուն»,- յայտարարած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը` տեղեկացընելով նաեւ, որ միջադէպին առթիւ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ ռազմական կցորդը հրաւիրուած է նախարարութիւն: