Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուր­բաթ՝ 11 ­Դեկ­տեմ­բեր 2015ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս հար­ցազ­րոյց ու­նե­ցաւ ­Գեր­մա­նիոյ ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր օ­րա­թեր­թե­րէն «Ֆ­րանք­ֆուր­թըր Ալ­մայն»ի հետ: ­Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը՝ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հան­ջով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ բա­ցած դա­տին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տե­լով՝ ը­սաւ.- «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ռըն­թեր, ի­րա­ւա­կան հո­լո­վոյ­թի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հրա­մա­յա­կան անհը­րա­ժեշ­տու­թիւն է 100 տա­րի­ներ ետք: Այս ծի­րին մէջ, ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տը ի­րա­ւա­կան հո­լո­վոյ­թին ա­ռա­ջին քայլն է, ո­րուն պէտք է յա­ջոր­դէ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դարձ­ման պա­հան­ջը»: Այլ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով` Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ը­սաւ.- «Ե­թէ ­Թուր­քիոյ ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը նա­խան­ձախն­դիր է եւ լուրջ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րի դրաց­նու­թեան ու շի­նիչ յա­րա­բե­րու­թեան, պէտք է ար­դա­րու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տէ` ճանչ­նա­լով 1915ին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ վե­րա­կանգ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի բռնա­բա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րը»: ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը յի­շեալ թեր­թի ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի պա­տաս­խա­նա­տու տնօ­րէ­նին հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով՝ լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րուն ու այս ծի­րին մէջ շրջա­նի հայ հա­մայնք­նե­րու վի­ճա­կին: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը շեշ­տեց, որ «հա­կա­ռակ ա­մէ­նօ­րեայ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը կը մնայ կազ­մա­կերպ գա­ղութ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ կառ­չած մնալ իր ի­րա­ւունք­նե­րուն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն»: Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թիւ­նը նկա­տեց «չա­րիք նոյ­նինքն տո­ւեալ կրօ­նին հա­մար: Այս չա­րի­քը սահ­ման, կրօն, մշա­կոյթ կամ ազ­գու­թիւն չի ճանչ­նար, ան հա­մա­մարդ­կա­յին չա­րիք է. հե­տե­ւա­բար հա­մա­մարդ­կա­յին ճի­գով հա­ւա­քա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը պէտք է մշա­կել զայն ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լու մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թե­նէն»: ­Յայտ­նենք, որ յի­շեալ թեր­թի ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տնօ­րէ­նը, մօ­տէն հե­տաքրքրո­ւած ըլ­լա­լով ­Կի­լի­կիոյ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տով, այ­սօր կը մեկ­նի ­Պո­լիս` նոյն հար­ցին մա­սին հար­ցազ­րոյց ու­նե­նա­լու հա­մար դա­տի գլխա­ւոր թուրք փաս­տա­բա­նին հետ: