Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­նո­յի ­Սուրբ ­Ժո­զէ­ֆի կա­թո­լիկ տա­ճա­րին մէջ, ­Վիեթ­նա­մի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, մա­տու­ցո­ւած է Ս. ­Պա­տա­րագ` նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին: Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան վար­չու­թեան հա­ղորդ­մամբ, ­Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցած են ­Վիեթ­նա­մի մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Ռա­յի­սա ­Վար­դա­նեան, ­Հայ-վիեթ­նա­մա­կան ­Բա­րե­կա­մա­կան ­Խում­բի ան­դամ­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, վիեթ­նամ­ցի եւ օ­տա­րերկ­րեայ այ­ցե­լու­ներ, լրագ­րող­ներ:

­Հա­նո­յի Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Զո­զէֆ Ն­գօ ­Քո­ւանգ ­Քիե­թը ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղո­ւած իր խօս­քին մէջ ը­սած է, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Յան­ցա­գոր­ծու­թեան ­Զո­հե­րու ­Յի­շա­տա­կի, Ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ այդ ­Յան­ցա­գոր­ծու­թեան ­Կան­խար­գիլ­ման ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րին՝ ­Վիեթ­նա­մի կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին է: ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին դես­պան ­Ռա­յի­սա ­Վար­դա­նեան ­Հա­նո­յի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին հետ ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ընդգ­ծած է, որ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը լաւ կը գի­տակ­ցի խա­ղա­ղու­թեան ար­ժէ­քը, սա­կայն դեռ կան եր­կիր­ներ, ո­րոնք ոչ միայն չեն հասկ­նար խա­ղա­ղու­թեան խոր­հուր­դը, այլ նաեւ կը շա­րու­նա­կեն սեր­մա­նել ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն եւ կը վա­րեն ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Ըստ դես­պան ­Վար­դա­նեա­նի` հայ եւ վիեթ­նա­մա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց հա­մա­տեղ ջան­քե­րը պէտք է գոր­ծադ­րեն ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րին հա­մար: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը իր օ­րի­նա­կով ցոյց տո­ւած է ամ­բողջ աշ­խար­հին, որ նոյ­նիսկ հա­րիւր տա­րի անց կա­րե­լի է պայ­քա­րիլ եւ հաս­նիլ ար­դա­րու­թեան` ի հե­ճուկս բո­լոր խո­չըն­դոտ­նե­րուն: