Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­­Դեկ­տեմ­բեր 6ին ­Հո­լան­տա­յի ­Փուր­մե­րենտ քա­ղա­քին մէջ սկիզբ դրո­ւե­ցաւ նո­րա­բաց հայ­կա­կան «­­Կի­լի­կիա» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի գոր­ծու­նէու­թեան: Այս մա­սին կը յայտ­նէ «­­Նի­տեր­լան­տա­կան Օ­րա­գի­ր»ը:

­Մեկ­նար­կին ներ­կայ էին ­Հո­լան­տա­յի տար­բեր վայ­րե­րէ ե­կած հայ  հա­մայն­քի  150է ա­ւե­լի  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնց մէջ էին ­Մաաստ­րիխ­տի  Սուրբ ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Լե­ ւոն ­Սար­գի­ս, ­Տորտ­րեխ­տի ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Յա­կոբ ­Փա­նո­սեա­ն եւ այլք:

Օ­րա­կար­գը սկսաւ Հ.Հ. Ազ­գա­յին օրհ­ներ­գով, որ­մէ ետք  բաց­ման խօս­քով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ «­­Կի­լի­կիա» մշա­կու­թա­յին միու­թեան հիմ­նա­դիր, ա­տե­նա­պետ դոկ­տոր ­Զա­րեհ ­Յով­հան­նէ­սեան, որ խօ­սե­ցաւ կեդ­րո­նի ա­պա­գայ ը­նե­լիք­նե­րուն մա­սին: ­Բա­նա­խօ­սի բնո­րոշ­մամբ՝ «­­Կի­լի­կիա»ի  հիմ­նա­կան նպա­տա­կը, հա­յու­թեան ջան­քե­րը ի մի բե­րելն է, ի­րա­րու հետ կա­պե­րու ու շփում­նե­րու  ամ­րապն­դու­մը:  Իւ­րա­քան­չիւր հայ պէտք է ինք­զին­քը լիար­ժէք կա­րե­նայ դրսե­ւո­րել  կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն  ներս, հան­դէս  բե­րէ իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը  մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ու այ­լե­ւայլ տար­բեր ձեռ­նարկ­նե­րու ըն­թաց­քին: «­­Կի­լի­կիա»ի  ձեռ­նադ­րու­մը պի­տի  ամ­փո­փէ  հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ծէ­սերն ու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը`  պահ­պա­նե­լով եւ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով  հայ քրիս­տո­նէա­կան ինք­նու­թեան, միա­ժա­մա­նակ փոր­ձե­լով ա­ջա­կից ու ներգ­րա­ւո­ւած ըլ­լալ տե­ղի հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան կեան­քին, դառ­նալ ­Հո­լան­տա­յի լիար­ժէք քա­ղա­քա­ցի­ներ: «­­Կի­լի­կիա»ի մեկ­նար­կը տրո­ւած է. ­Հո­լան­տա­յի մէջ սկիզբ դրո­ւե­ցաւ եւս մէկ հայկական կա­ռոյ­ցի, որ որ­դեգ­րած է հա­յա­պահ­պա­նու­թեան նո­ւի­րա­կան խնդիր­նե­րը: