Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՀ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Եր­կու­շաբ­թի՝ Դեկ­տեմ­բեր 7ին, Հայ Դա­տի «Ա­զա­տու­թիւն» մրցա­նա­կը յանձ­նո­ւե­ցաւ Քո­լո­րա­տո­յի նա­հան­գա­պետ Ճան Հի­քըն­լու­փը­րին՝ դրո­ւա­տե­լով Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­ քա­րին մէջ ա­նոր ներդ­րում­նե­րը։ «Ա­զա­տու­թիւն»ը կը նկա­տո­ւի Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կը։ Քո­լո­րա­տո­յի նա­հան­գա­պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է՝ մրցա­նա­կը մեծ պա­տիւ մը նկա­տե­լով։ Մր­ցա­նա­կը նա­հան­գա­պետ Հի­քըն­լու­փը­րին յանձ­նած է Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Է­լէն Ա­սատ­րեանը։