Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շա­բաթ՝ 28 Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ Պար­չե­լո­նա­յի մէջ գոր­ծող Հայ Տան նոր տա­րած­քի վե­րա­բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ Սա­սուն Ծ. Վար­դա­պետ Զմ­րուխ­տեա­նի եւ ներ­կա­յու­թեամբ պար­չե­լո­նա­հա­յե­րու: Այս մա­սին Պար­չե­լո­նա­յէն կը տե­ղե­կաց­նէ «Ե­ռա­գոյն»ի աղ­բիւ­րը:

Աղ ու հա­ցի օրհ­նու­թե­նէն ետք, Հայր Սա­սուն շնոր­հա­ւո­րած է Պար­չե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թիւ­նը: Իր խօս­քին մէջ ան նշած է.- «­Սի­րե­լի Պար­չե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան վար­չա­կան­ներ, ան­դամ­ներ, հիւ­րեր եւ հայ­րե­նա­կից­ներ:

«Այ­սօր մենք պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցինք եւ օրհ­նե­ցինք այս մշա­կու­թա­յին տու­նը իբ­րեւ «­Հայ Տուն», որ­պէս­զի ա­նի­կա ծա­ռա­յէ մեր բո­լոր հա­յե­րուս հա­մար իբ­րեւ մեր հա­րա­զատ տու­նը, ուր պի­տի ըլ­լայ սէր, միաս­նու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի՝ ի փառս մեր Պար­չե­լո­նա­յի մեծ հայ հա­մայն­քին, մեր ազ­գա­յին մշա­կոյ­թին եւ ար­ժէք­նե­րուն»:

Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ռի­թով՝ Պար­չե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ ստա­ցած էր Ս­պա­նիոյ մէջ Հ.Հ. դես­պան պրն. Ա­ւետ Ա­դոն­ցէն եւ Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) կող­մէ:

Պաշ­տօ­նա­կան բաժ­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Պար­չե­լո­նա­յի Հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թիւ­նը 2010 թո­ւա­կա­նին, հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով Հ.Բ.Ը.Մ.ի հետ, Պար­չե­լո­նա­յի մէջ ստեղ­ծած է Հայ Տու­նը: Ս­փիւռ­քի մէջ գոր­ծող այլ կեդ­րոն­նե­րու նման, Հայ Տու­նը կը ծա­ռա­յէ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան եւ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան: Հայ Տան մէջ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին նաեւ հա­մայն­քա­յին ձեռ­նարկ­ներ ու զա­նա­զան հան­դի­պում­ներ: