Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մոն­թեկ­րափ­փա-Ի­տա­լիա ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ «Է­րե­բու­նի Հայ­կա­կան Գ­րիչ»ի նա­խա­ձեռ­նող խում­բը հպար­տու­թեամբ կը ծա­նու­ցա­նեն, որ «­Մոն­թեկ­րափ­փա-Է­րե­բու­նի Գ­րիչ»ի հա­ւա­քա­ծոն ստա­ցած է Middle East Jewellery -Year 2015 մրցա­նա­կը, «­Լա­ւա­գոյն Ա­րո­ւես­տի եւ Ձե­ռա­րո­ւես­տի Գործ» դա­սա­կար­գու­մին մէջ: Գ­ րի­չը լա­ւա­գոյ­նը ճանչ­ցո­ւե­ցաւ զա­նա­զան դա­սա­կար­գում­նե­րու մէջ՝ մե­ծա­թիւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած 382 մրցու­թա­յին գոր­ծե­րուն մէ­ջէն:

Մր­ցա­նա­կը շնոր­հո­ւե­ցաւ 23 Նո­յեմ­բեր 2015ին, Four Seasons Bahrain Bay հիւ­րա­նո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Պահ­րէյ­նի թա­գա­ւո­րու­թեան Ճար­տա­րա­րո­ւես­տի, ա­ռեւ­տու­րի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Զա­յէտ պըն Ռա­շիտ Ալ­զա­յա­նի իշ­խա­նին: Հա­դի­սու­թեան եւ այդ ա­ռի­թով կա­յա­ցած ընթ­րի­քին ներ­կայ ե­ղան ոս­կեր­չա­կան եւ գրչար­տադ­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի քան 300 ա­ռաջ­նա­կարգ եւ շրջա­նա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հան­րա­ծա­նօթ հիւ­րեր: «Է­րե­բու­նի Գ­րիչ»ը նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տո­ւած եր­կու ակ­նա­ռու հայ գոր­ծա­րար­նե­րու՝ Գ­րի­գոր Ճա­պու­րեան եւ Տիգ­րան Չապ­լա­քեան: «Է­րե­բու­նի Գ­րիչ»ի ձե­ւա­ւո­րու­մը գործն է լի­բա­նա­նա­հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ Գ­րի­գոր Կա­րա­պետ Սա­գա­յեա­նի, իսկ ար­տադ­րու­թիւ­նը՝ Մոն­թեկ­րափ­փա հաս­տա­տու­թեան, որ գրիչ­նե­րու ար­տադ­րու­թեան Ի­տա­լիոյ ա­մե­նա­հին հաս­տա­տու­թիւնն է եւ աշ­խար­հի ա­մե­նա­բարձ­րա­կարգ­նե­րէն մէ­կը: