Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Կի­րա­կի՝ ­Դեկ­տեմ­բեր 6ին հրա­պա­րա­կո­ւած պաշ­տօ­նա­կան հռչա­կա­գի­րով մը, ­Քո­լո­րա­տո­յի նա­հան­գա­պետ ­Ճան ­Հի­քըն­լու­փըր 6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2015ը հռչա­կեց ­Ջու­ղա­յի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­ւե­լի քան 200 խաչ­քա­րե­րու ցե­ղաս­պա­նա­կան քան­դու­մի տաս­նա­մեա­կի յի­շա­տակ­ման օր։ Հռ­չա­կա­գի­րին մէջ նաեւ կը շեշ­տո­ւի, թէ այս տա­րո­ւան Ապ­րիլ 24ին ­Տեն­վը­րի մէջ գտնո­ւող ­Քո­լո­րա­տո­յի խորհր­դա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ զե­տե­ղո­ւած եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձա­նը ­Ջու­ղա­յի մէջ քան­դո­ւած խաչ­քա­րե­րէն մէ­կուն օ­րի­նա­կով պատ­րաս­տո­ւած էր, միա­ժա­մա­նակ՝ կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի նա­հան­գի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, որ խաչ­քա­րը այ­ցե­լե­լով՝ ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցա­նեն։

Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Է­լէն Ա­սատ­րեան դրո­ւա­տեց այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ ­ա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թեանց հա­մար՝ այ­ցե­լել www.djulfa.com կայ­քը։