Շաբաթ՝ 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան, 88 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն` Հ.Յ.Դ. Զ.Ո.Մ.էն, Լ.Ե.Մ.էն եւ շրջաններէն: Բարի գալուստի խօսք արտասանելէն ետք, Վիգէն Աւագեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն
էր Ցոլակ Թիւթէլեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծագոյն ձեռքբերումները արդիւնքն են հաւաքական գործունէութեան եւ հաւաքական որոշումներու, որոնք դարերու ընթացքին ոչ միայն կերտած են հայ ժողովուրդի հաւաքական անհատականութիւնը, այլ նաեւ ապահոված անոր յարատեւ գոյութիւնը: Նորագիրները «Սարգիս Զէյթլեան սերունդ» կոչուեցան` ի յիշատակ գաղափարի մարտիկ եւ անզուգական ղեկավար գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի: