Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նա­մի­պիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Վինտ­հու­քի մէջ, 30 ­Նո­յեմ­բե­րէն սկսեալ, իր աշ­խա­տան­քը սկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման միջ-կա­ռա­վա­րա­կան ­Կո­մի­տէի 10րդ նս­տաշր­ջա­նը: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թե­նէն «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած են, որ այլ հար­ցե­րու կող­քին քննար­կո­ւած են ­Մարդ­կու­թեան ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ցան­կին վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար ներ­կա­յա­ցո­ւած 35 դի­մում­ներ, ո­րոնց շար­քին է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ազ­գա­յին յանձ­նա­խում­բի ա­ռա­ջադ­րած «­Քո­չա­րի. ա­ւան­դա­կան խմբա­յին պար» դի­մու­մը: ­Հայ­րե­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տարկ­նե­րուն շնոր­հիւ ­Կո­մի­տէն վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կած է փոր­ձա­գի­տա­կան խում­բի նախ­նա­կան ո­րո­շու­մը: ­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րու, փոր­ձա­գէտ­նե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րու մի­ջեւ ծա­ւա­լած քննար­կում­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք` ­Կո­մի­տէն հաս­տա­տած է, որ «­Քո­չա­րի» ա­ւան­դա­կան խմբա­յին պա­րը` ըլ­լա­լով ազ­գա­յին ինք­նու­թեան դրսե­ւո­րում, տա­րա­ծո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ: ­Հա­յաս­տան լրա­ցու­ցիչ մշա­կու­մի են­թար­կո­ւած դի­մու­մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ­Կո­մի­տէի հե­տա­գայ քննարկ­ման: