Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

500 Պ­րենտ Պուլ­վար հաս­ցէին, Նո­յեմ­բեր 19ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Կոլ­տըն Ս­թէյթ» դրա­մա­տան գլխա­մա­սի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Կ­լեն­տէյ­լի մէջ հիմ­նո­ւե­ցաւ ե­լեւմ­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը, որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է ոչ միայն սպա­սարկ­ման իր ո­րա­կով, այլ նաեւ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին դրա­մա­տունն է, ո­րուն բաժ­նե­տէ­րե­րուն եւ ղե­կա­վար խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ազ­գու­թեամբ հա­յեր են: «­Կոլ­տըն Ս­թէյթ» դրա­մա­տու­նը հա­մայն­քա­յին դրա­մա­տուն է, որ կո­չո­ւած է ծա­ռա­յե­լու տար­բեր գոր­ծա­րա­րու­թեանց եւ

կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու: Դ­րա­մա­տու­նը այ­սօր ու­նի 125 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ բաժ­նե­մա­սեր: «­Կոլ­տըն Ս­թէյթ» դրա­մա­տան ղե­կա­վար խոր­հուր­դի նա­խա­գահ՝ բաժ­նե­տէր Ռո­պըրթ Սեդ­րա­կեան կը յայտ­նէ.- «­Մենք կը տրա­մադ­րենք վար­կեր՝ սկսած հինգ հա­րիւր հա­զար տո­լա­րէն մին­չեւ 5 մի­լիոն տո­լար, հնա­րա­ւոր է նաեւ ա­ւե­լի մեծ գու­մար տրա­մադ­րենք գոր­ծըն­կե­րա­յին դրա­մա­տու­նե­րու հետ հա­մա­տեղ: Կը ներգ­րա­ւենք նաեւ ա­ւանդ­ներ եւ կը վճա­րենք ա­ւե­լի մեծ տո­կո­սադ­րոյք, քան մեծ դրա­մա­տու­նե­րը: Միակ ո­լոր­տը, ո­րուն մեր դրա­մա­տու­նը չի սպա­սար­կեր, ա­տի­կա ան­հա­տա­կան սպա­ռո­ղա­կան վար­կերն են՝ մե­քե­նա­նե­րու վար­կա­ւո­րում կամ հի­պո­թե­քա­յին վար­կեր»։ Տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին հա­մար, «­Կոլ­տըն Ս­թէյթ» դրա­մա­տան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն է նաեւ հայ ղե­կա­վար­նե­րու աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թիւ­նը այս դրա­մա­տան մէջ: «Դ­րա­մա­տան ղե­կա­վար խոր­հուր­դի 11 ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­յեր են, ո­րոնք՝ ինչ­պէս մեր հա­մայն­քը՝ ներ­գաղ­թած են տար­բեր եր­կիր­նե­րէ: Մենք քա­ջա­տե­ղեակ ենք մեր հա­մայն­քի մշա­կու­թա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն եւ ան­ձամբ կը ճանչ­նանք գոր­ծող գոր­ծա­րար­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: Այս հան­գա­ման­քը մեզ թոյլ կու տայ ծա­ռա­յու­թիւն­ներ ա­ռա­ջար­կե­լու՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով բո­լոր հնա­րա­ւոր պա­հանջ­նե­րը եւ լա­ւա­գոյն մօ­տե­ցում ցու­ցա­բե­րե­լով:

Մենք ա­ւե­լի լաւ կը հաս­կա­նանք մեր հայ յա­ճա­խորդ­նե­րուն կա­րիք­նե­րը, քան օ­րի­նակ՝ շու­կա­յի մէջ գոր­ծող այլ մեծ դրա­մա­տու­նե­րը, եւ սա մեր ա­ռա­ւե­լու­թիւնն է»,- կը նշէ «­Կոլ­տըն Ս­թէյթ» դրա­մա­տան բաժ­նե­տէ­րե­րէն, ղե­կա­վար խոր­հուր­դի ան­դամ Ար­տակ Դալ­դու­մեան: