Չորեքշաբթի՝ 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի հայոց Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 125ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն ի նպաստ հանգանակուեցաւ 1 միլիոն 350 հազար տոլար:
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի տեղի ունեցած կալա-ընթրիքին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ալիս Պօղոսեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ անոր հաւասարակշռուած քաղաքականութեան:
Ապա՝ խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հ.Յ.Դ. 125ամեակը ժողովուրդին տօնն է, երազներու իրականացման տօնն է. անոր համաձայն՝ Դաշնակցութեան զօրավիգ, քաջալեր եւ նեցուկ կանգնողներուն դիմաց կուսակցութիւնը կը դրուի յաւելեալ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան տակ` շարունակելու իր պահանջատիրական երթն ու պայքարը:
Ապա՝ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Անկէ ետք խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ բնական պայմաններու մէջ տեղի չ՛ունենար Դաշնակցութեան 125ամեակը, բայց եւ այնպէս կուսակցութիւնը վարժ է դժուար պայմաններու մէջ իսկ պայքար մղելու, յաղթանակ կերտելու եւ տօնակատարելու: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Դաշնակցութեան 125ամեակին նուիրուած ընդունելութեան առիթով համախմբուած են զանազան ուղղութիւններու եւ շերտերու ներկայացուցիչներ` ողջունելու Հ.Յ.Դ. 125ամեայ գործունէութիւնը, որ նպատակաուղղուած է հայութեան ու Հայաստանի շահերուն եւ կը միտի բոլոր ձեւերով անոնց ծառայելու: Յ. Բագրատունի գոհունակութեամբ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը առանձին չէ իր պայքարին մէջ, այլ միշտ իր կողքին ունեցած է իր առաքելութեան հաւատացողներ եւ զօրակցողներ, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ առաւել եւս հասնիլ ժողովուրդին: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան տրուածին փոխարէն անիկա հազարապատիկ կը վերադարձնէ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան 125ամեակը նաեւ կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, եւ այս ծիրին մէջ Դաշնակցութիւնը կրնայ հաստատակամ յայտարարել, որ այս առումով միասնականութեան գոյացման մէջ ունեցած է իր ներդրումը, որովհետեւ հայութիւնը մէկ մարդու նման համախմբուեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն շուրջ եւ իր պահանջատէրի ձայնը լսելի դարձուց աշխարհին: Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի գաղութը նուազագոյն վնասով դուրս գայ այդ պատերազմական վիճակէն: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ներկայութեան եւ դերակատարութեան մասին` յատուկ կերպով ծանրանալով սահմանադրական փոփոխութեան վրայ:
Հրանդ Մարգարեան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, որոնք թեւ ու թիկունք են Դաշնակցութեան, կը հաւատան անոր զոհաբերութեան, կ՛արժեւորեն զայն եւ իբրեւ զինակից մաս կը կազմեն տարուած պայքարին: Աւարտին խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ շեշտը դրաւ տալու, նուիրելու արարքին մէջ գոյութիւն ունեցող գոհունակութեան զգացումին վրայ` շեշտելով, որ մարդ պէտք է ուրախանայ ուրիշը ուրախացնելով, իսկ այս հանգանակութեան պարագային կատարուած նուիրահաւաքը պիտի ծառայէ շատ կարեւոր եւ հիմնական նպատակի մը` Հայ Դատի աշխատանքներուն: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանին կառչած մնալու, Հայ Դատի կողքին նաեւ Լիբանանի դատին նուիրուելու երեւոյթին մասին: Աւարտին հատուեցաւ Դաշնակցութեան 125ամեակի կարկանդակը: