Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՀա­մազ­գա­յին Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւ­նը կը ծա­նու­ցա­նէ, թէ iOS եւ Android գոր­ծիք­նե­րուն հա­մար, իր ձեռ­նար­կած հա­յե­րէ­նով ման­կա­կան դաս­տիա­րակ­չա­կան «­Լա­լան ու Ա­րան» խա­ղե­րու շար­քին ա­ռա­ջի­նը՝ «­Գոյ­նե­րու Աշ­խարհ» խա­ղը հրա­պա­րա­կո­ւած է։ Կի­րա­ռա­կան (application) ձե­ւա­ւո­րու­մով

«­Լա­լան ու Ա­րան» խա­ղե­րը ե­րեք տա­րե­կան եւ վեր մա­նուկ­նե­րուն հա­ճե­լի ու դիւ­րին ե­ղա­նա­կով պի­տի սոր­վեց­նեն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն:

«­Գոյ­նե­րու Աշ­խարհ»ը ու­նի գլխա­ւոր եր­կու կեր­պար­ներ՝ Լա­լան ու Ա­րան, ո­րոնք ցուց­մունք­ներ պի­տի տան մա­նուկ­նե­րուն, ա­նոնց ըն­կե­րակ­ցե­լով խա­ղի մէկ մա­կար­դա­կէն միւ­սը: Այս խա­ղե­րուն մի­ջո­ցով, ե­րե­խան պի­տի սոր­վի, ծա­նօ­թա­նայ եւ զար­գաց­նէ յի­շո­ղու­թիւ­նը, կեդ­րո­նա­ցու­մը, լե­զուն, տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, բազ­մա­կող­մա­նի մտա­ծե­լա­կեր­պը, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ե­ւայլն։

«­Լա­լան ու Ա­րան» - «­Գոյ­նե­րու Աշ­խարհ» խա­ղը կա­րե­լի է ներ­բեռ­նել անվ­ճար կեր­պով, դի­մե­լով App Store եւ Google Play առ­ցանց խա­նութ­նե­րուն։ Իսկ խա­ղե­րու մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կա­րե­լի է գտնել նոյ­նա­նուն կայ­քէ­ջին՝ www.lalanouaran.com։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ