Ռուսաստանի Պետական Դումային մէջ հնչած են Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա տաճարը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կարգավիճակին վերադարձնելու կոչեր: Թուրքիոյ ուղղուած նման կոչ ընողներէն է Ռուսաստանի Համայնավար կուսակցութեան երեսփոխան Սերգէյ Կաւրիլով: «Մենք թրքական կողմէ կ՚ակնկալենք բարեկամական
քայլ՝ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա տաճարին վերադարձը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կարգավիճակին։ Ռուսական կողմը պատրաստ է նիւթական մասնակցութիւն բերելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական յուշարձանին վերականգնումի գործին տրամադրելու ռուս լաւագոյն մասնագէտները եւ գիտնականները։ Այդ քայլը Թուրքիոյ եւ Իսլամ կրօնին պիտի օգնէր ցոյց տալու համար, որ բարի կամքը վեր է քաղաքականութենէն»,- յայտարարած է Կաւրիլով: