Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԻ­տա­լիոյ «­Հիւ­սի­սա­յին Լի­կա» (Lega Nord) կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Մա­թէօ Սալ­վի­նի «Եւ­րո­միու­թիւն(Ե.Մ.)-­Թուր­քիա» գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն ետք Twitterի իր է­ջին մէջ հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը ը­րած է.- «Եւ­րո­պան Թուր­քիոյ 3 մի­լիառ կը նո­ւի­րէ փախս­տա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մի կա­պակ­ցու­թեամբ: Իսկ ո­րոշ­նե­րը կ­՛ու­զեն, որ նոյն այդ Թուր­քիան մտնէ Ե.Մ.: Ե­թէ ա­նոնք կը մտնեն, ա­պա ԵԿԷՔ ՄԵՆՔ ԴՈՒՐՍ ԳԱՆՔ»,- կը հա­ղոր­դէ ermenihaber.am:

Յայտ­նի է, որ Սալ­վի­նին նա­խա­պէս բազ­միցս դէմ ար­տա­յայ­տո­ւած է Թուր­քիոյ Ե.Մ.ին ան­դա­մակ­ցու­թեան: Ի­տա­լա­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չին նշեալ գրա­ռու­մը մեծ ար­ձա­գանգ ու­նե­ցած է ու բազ­մա­թիւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ տո­ւած:

Ա­հա՛ ո­րոշ օգ­տա­տէ­րե­րու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը Սալ­վի­նիի գրառ­ման.

«Ե­թէ Թուր­քիա մուտք գոր­ծէ Ե.Մ., ես հաս­տատ կ­՛եր­թամ: Կը տե­ղա­փո­խո­ւիմ Ռու­սիա եւ կը զբա­ղիմ՝ ո­ղոր­մու­թիւն խնդրե­լով»:

«Ո՛չ Թուր­քիա­յին, ո՛չ: Ո՞ր յի­մար գլուխ­նե­րուն մէջ այդ­պի­սի մտքեր կը ծնին: Ե­թէ ա­նոնք կը մտնեն, ա­պա մենք դուրս կու գանք: Ճիշդ ես, քա­փի­թան»:

«­Թուր­քիան Ի.Պ.ի (Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն - İŞİD) հետ ա­ռեւ­տու­րի մէջ է, քիւր­տե­րը կը ռմբա­կո­ծէ, ռու­սե­րը կը հա­րո­ւա­ծէ: Մի­թէ՞ ու­րիշ պատ­ճառ­ներ ալ պէտք են Ե.Մ.էն դուրս գա­լու հա­մար»:

«Ա­յո՛», զա­նոնք գլխա­ւոր մուտ­քէն ըն­դու­նինք, իսկ մենք վթա­րա­յին ել­քով դուրս գանք: Շուտ դուրս գալն ա­ւե­լի լաւ է»: