Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան 27 Ապ­րիլ 2015ին Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նին մօտ յա­րու­ցած Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծի վե­րա­դարձ­ման դա­տը, որ իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի քայլ մըն էր՝ Հայ Դա­տի իբր շօ­շա­փե­լի ու գործ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, նկա­տա­ռե­լի շար­ժում ա­ռա­ջա­ցուց հայ ե­կե­ղե­ցա­կան թէ քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս:

Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ան­մի­ջա­կան հսկո­ղո­ղու­թեամբ, ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, դա­տի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը տա­րո­ւե­ցան լրջու­թեամբ ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ՝ հե­ռու լու­սար­ձակ­նե­րէ: Դա­տի թղթած­րա­րին պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին թուրք եւ օ­տար մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի մաս­նա­գէտ­ներ:

Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ճամ­բով լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ յի­շեալ դա­տին շուրջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր իւ­րա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Այս ծի­րէն ներս, Նո­րին Սր­բու­թեան հրա­ւէ­րով, Հինգ­շաբ­թի՝ 27 Նո­յեմ­բեր 2015ին «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ տեղ ու­նե­ցաւ հա­ւաք մը, ա­ւե­լի քան 50 մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու դա­տին ներ­քին ծալ­քերն ու զա­նա­զան ե­րես­նե­րը:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, նախ­քան դա­տի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն անց­նի­լը, հարց տո­ւաւ, թէ ո՞վ է մտա­ւո­րա­կա­նը: Ան իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ կո­չո­ւած է ա­ռանց­քա­յին դեր ու­նե­նա­լու մեր հայ­րե­նի­քէն ու գա­ղութ­նե­րէն ներս, փաս­տօ­րէն սկսած է նօս­րա­նալ: Նո­րին Սր­բու­թեան հա­մա­ձայն՝ «մտա­ւո­րա­կա­նը միայն գրո­ղը եւ գիրք տպո­ղը չէ, այլ մեր կեան­քէն ներս տագ­նա­պողն է, ը­սե­լիք ու ը­նե­լիք ու­նե­ցող անձն է, մեր կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դե­լու եւ ա­նոր առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լու ա­տակ ու յանձ­նա­ռու մարդն է»:

Ա­պա՝ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս 7 հար­ցադ­րում­ներ կա­տա­րեց եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց դա­տի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քը իր բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րով: Դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տա­րեան, որ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած էր Փետ­րո­ւար 2012ին Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ Ճա­նա­չու­մէ Հա­տու­ցում» մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կերպ­ման, ինչ­պէս նաեւ՝ դա­տի թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, ներ­կա­յա­ցուց դա­տին հետ ա­ղերս ու­նե­ցող մի­ջազ­գա­յին ու թրքա­կան օ­րէնք­նե­րուն տար­բեր ե­րես­նե­րը եւ ա­նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ներ­կայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն պար­զեց դա­տին ամ­բող­ջա­կան ու հսկա­յա­ծա­ւալ թղթած­րա­րը՝ բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտնո­ւող զա­նա­զան կա­լո­ւած­նե­րու փաս­տա­թուղ­թե­րը, «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ Ճա­նա­չու­մէ Հա­տու­ցում» մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին ներ­կա­յա­ցո­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փող International Criminal Law պար­բե­րա­թեր­թին օ­րի­նա­կը եւ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation հա­տո­րին օ­րի­նա­կը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րին պա­րա­գա­յին տա­լով անհ­րա­ժեշտ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ:

Եզ­րա­կաց­նե­լով՝ Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը վստա­հե­ցուց, թէ «­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տը փաս­տօ­րէն շատ կա­րե­ւոր նա­խա­քայլ մըն է մեր հա­մազ­գա­յին դա­տին ծի­րէն ներս: Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, որ զոհն է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, 100ա­մեա­կէն ետք պի­տի շա­րու­նա­կէ, յա­նուն մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն, Հայ Դա­տի ի­րա­ւա­կան հե­տապնդ­ման գոր­ծը»: