Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Անդ­րա­դառ­նա­լով Քե­սա­պի հայ հա­մայն­քի կեան­քին՝ Սու­րիա­հա­յու­թեան Շ­տապ Օգ­նու­թեան եւ Վե­րա­կանգ­նու­մի Քե­սա­պի Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նի ան­դամ եւ բան­բեր Կա­րօ Ման­ճի­կեան «­Գան­ձա­սար»ին յայտ­նած է, որ թէեւ ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին կեան­քը նախ­կին պատ­կե­րը չի ներ­կա­յաց­ներ, սա­կայն աս­տի­ճա­նա­ բար կը վե­րա­կանգ­նի։

Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը կը գոր­ծեն, ո­րոշ միու­թիւն­ներ գոր­ծի լծուած են, ինչ­պէս Սու­րիա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի մա­սնա­ճիւ­ղե­րը։ Հա­մազ­գա­յինն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ըն­թաց­քին մէջ են։

Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը Քե­սա­պի եւ գիւ­ղե­րու մէջ կը գոր­ծեն։ Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին, որ Քե­սա­պի գրաւ­ման օ­րե­րուն լրջօ­րէն վնա­սուած էր, այժմ կը վե­րա­նո­րոգուի։

Շ­տապ Օգ­նու­թեան եւ Վե­րա­կանգ­նու­մի Քե­սա­պի Գոր­ծա­դիր Մարմ­նի աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին։ Մար­մի­նը բա­րե­սի­րա­կան զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րէ հա­սած սննդա­կո­ղով­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած աշ­խա­տան­քով կը տրա­մադ­րէ Քե­սա­պի բնակ­չու­թեան։

Քե­սա­պի պե­տա­կան դպրոցն ու դար­մա­նա­տու­նը եւս կը գոր­ծեն

Անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րուն՝ Կա­րօ Ման­ճի­կեան յայտ­նած է, թէ անց­նող օ­րե­րուն Քե­սա­պի շրջա­կայ­քը կրկին լա­րո­ւած էր, յատ­կա­պէս թնդա­նօ­թա­յին զար­կեր տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին։ Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ, ո­րոնք կը վա­յե­լեն Թուր­քիոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, կրկին փոր­ձած են յար­ձա­կիլ շրջա­նի սու­րիա­կան բա­նա­կի դիր­քե­րուն վրայ, բա­նա­կը սա­կայն իր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ա­ռած է Քե­սա­պէն 25-30 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող շարք մը հո­վիտ­ներ ու գա­գաթ­ներ, յատ­կա­պէս Քե­սա­պէն 15 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող Զա­հի լեռ­նա­գա­գա­թը, որ կը գտնո­ւէր զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու հա­կակշ­ռին տակ։

Սու­րիա­կան բա­նա­կը յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րած է նաեւ Սէլ­մէ գիւ­ղին մէջ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սու­րիա-­Թուր­քիա սահ­մա­նին մօտ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւի ջախ­ջախ­ման՝ Ման­ճի­կեան յայտ­նեց, որ քե­սապ­ցի­ներ տե­սած են, թէ ինչ­պէ՞ս թրքա­կան հո­ղե­րէն հրթիռ մը հա­տած է սու­րիա­կան սահ­մանն ու հա­րո­ւա­ծած ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը սու­րիա­կան սահ­մա­նէն ներս։ Ա­նոնք տե­սած են նաեւ օ­դա­պա­րիկ­նե­րով սու­րիա­կան հո­ղե­րուն վրայ վայ­րէջք կա­տա­րել փոր­ձող ռուս օ­դա­չու­նե­րը։ Ըստ տե­ղա­կան աղ­բիւր­նե­րու մէկ օ­դա­չուն սպա­ննո­ւած է, սա­կայն երկ­րոր­դը ողջ է:

Շր­ջա­նի բնակ­չու­թեան հա­մա­ձայն, թրքա­կան այն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, թէ Զա­հի լեռ­նա­գա­գա­թին ե­տեւ թուրք­մէն­ներ կան եւ Թուր­քիան կը փոր­ձէ պաշտ­պա­նել զա­նոնք՝ ռու­սա­կան օ­դու­ժի հա­րո­ւած­նե­րէն, ի­րա­կա­նու­թեան չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ։

Ն­շեալ շրջա­նի Եա­մա­տիիէ գիւ­ղի Քա­րա­քի­նի­սի կո­չո­ւած մա­սը եր­կար ա­տե­նէ ի վեր դար­ձած է զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու գաղ­թա­կա­յան։ Քե­սապ­ցի­ներ հաս­տատ գի­տեն, որ հոն կը գտնո­ւին տե­սա­կա­ւոր զի­նեալ խմբա­ւո­րում­ներ։