Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՎա­տի­կա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 21 Նո­յեմ­բե­րին Հ­ռո­մի Սան­թա Մա­րիա Մա­ժո­րի­թի ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան Հիմ­նար­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հիմ­նար­կի փրո­ֆե­սոր Հայր Ճորճ Հան­րի Ռոյ­սէ­նի բա­ցա­ռիկ եօթնհա­տո­րեա­կի շնոր­հա­հան­դէ­սը: Ներ­կայ գտնո­ւած են հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Տա­ւիտ Նա­զար, Սանթ Է­ճի-տիօ հա­մայն­քի հիմ­նա­դիր Անտ­րէա Ռի­քար­տի եւ Սանթ Է­ճի­տիօ հա­մայն­քի նա­խա­գահ Մար­քօ Իմ­փա­լիաց­ցօ, Հայ ա­ռա­քե­լա­կան եւ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հայ­րեր, հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան հա­տուա­ծի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ի­տա­լա­հայ գա­ղու­թի ան­դամ­ներ: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն։ Գիր­քին մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին Վա­տի­կա­նի փակ ար­խիւ­նե­րուն մէջ գտնո­ւող ու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը՝ հա­մի­տեան ջար­դե­րէն մին­չեւ քե­մա­լա­կան կա­ռա­վար­ման շրջա­նի տա­րի­ներ, ինչ որ կա­րե­լիու­թիւն կու տայ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում կազ­մե­լու ոճ­րա­գոր­ծու­թեան բո­լոր հանգրո­ւան­նե­րուն մա­սին՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տու­թե­նէն մին­չեւ գոր­ծադ­րու­թիւն եւ ու­րա­ցում։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին խօսք ա­ռած է Սուրբ Ա­թո­ռի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Մի­քա­յէլ Մի­նա­սեան, որ իր խօս­քին մէջ յատ­կա­պէս նշած է, թէ եօթն­հա­տո­րեա­կը ցե­ղաս­պա­նա­գի­տու­թեան ո­լոր­տին մէջ լրջա­գոյն ձեռք­բե­րում է եւ պատ­մու­թիւն, որ նաեւ թուր­քե­րունն է: «­Հայր Ռոյ­սէ­նի աշ­խա­տան­քը մեզ օգ­նում է յա­րա­բե­րո­ւե­լու փաս­տե­րի հետ: Այն մեզ օգ­նում է ըն­թեր­ցե­լու ան­ցեա­լը՝ դա­սեր քա­ղե­լով ա­պա­գա­յի հա­մար»,- յայտ­նած է ան: