20էն 22 Նոյեմբեր 2015ին, Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին համադրումով՝ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու խորհրդաժողով`
«Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը եւ Հայ Դատի վերանորոգ պահանջատիրութեան պայքարը» նիւթով:
Փարիզի եւ Արֆոլվիլի մէջ տեղի ունեցած նիստերուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ աւելի քան 70 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովի ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Մուրատ Փափազեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան եւ Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի ընկերներ:
Եռօրեայ դասախօսութեանց ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներ-քաղաքական իրավիճակը, Արցախի բանակցային գործընթացներու վերջին զարգացումները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, Ցեղասպանութեան հատուցման եւ հողային պահանջատիրութեան հարցերը եւ անոնց վերաբերեալ Հ.Յ.Դ.ի Հայ Դատի ռազմավարական սկզբունքները, քրտական հարցը, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ հայութեան խնդիրները:
Քննարկումներու եւ աշխատանոցներու ճամբով խորհրդաժողովը հասաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.-
1.- Հայ երիտասարդութեան պատրաստուածութեան մակարդակը, պահանջատիրութեան աշխատանքներուն առնչութեամբ, կը մնայ անբաւարար: Այս մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար, խորհրդաժողովը կը գտնէ, թէ անհրաժեշտ է ընդլայնել Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու շարքերը, ընդարձակել Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու աշխարհագրական տարածականութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել անոնց պատրաստուածութեան մակարդակը, մղելով երիտասարդները քաղաքականացած եւ մասնագիտական աշխատանքներու:
2.- Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան կեցուածքը հատուցման խնդիրին եւ հողային պահանջատիրութեան նկատմամբ անփոփոխ է ու հետեւողական: Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով պահանջուող տարածքները կը կազմեն հայ երիտասարդութեան պահանջատիրութեան առանցքը:
3.- Հ.Յ.Դ. երիտասարդներու յաւելեալ քաղաքականացումը ուղղակիօրէն կը նպաստէ օտար երիտասարդութեան մօտ հայանպաստ կեցուածքներու զարգացման` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, հայութեան իրաւունքներուն հատուցման եւ հողային պահանջատիրութեան հարցերուն առնչութեամբ: Միաժամանակ՝ խորհրդաժողովը կ’ընդգծէ տեղական եւ միջազգային քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ առկայ յարաբերութիւններու խորացման անհրաժեշտութիւնը:
4.- Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը կարեւոր կը նկատէ պահանջատէր պոլսահայ երիտասարդութեան աշխատանքը: Խորհրդաժողովը կը գտնէ, թէ իրենց հայկական արմատներուն վերադարձող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայութեան իրականութիւնը կը բանայ նոր մարտահրաւէրներ ու հորիզոններ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ:
5.- Նկատի առնելով շրջանային զարգացումները եւ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը` Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը հայ-քրտական յարաբերութիւններուն կը մօտենայ քաղաքական իրատեսութեամբ եւ հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ իրաւատէրի կեցուածքով:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն ետք, հատուցման եւ հողային պահանջատիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան, որուն յաջողութեան համար անհրաժեշտ է պահանջատէր հայ երիտասարդութեան կողմէ գործնական պայքարի ծաւալում: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու այս խորհրդաժողովի ընթացքին փոխանցուած գիտելիքները, քննարկումներն ու եզրակացութիւնները կը միտին յաւելեալ թափ տալու այս պայքարին:
Հ.Յ.Դ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
Ալֆորվիլ, Ֆրանսա - 22 Նոյեմբեր 2015