Ռուսաստանի զինեալ ուժերու Գլխաւոր Յանձնաժողովի գլխաւոր գործուն վարչութեան պետ հրամանատար Սերգէյ Ռուտսգոյ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հետ ռազմական գծով բոլոր շփումները պիտի դադրեցուին:
Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, Ռ.Դ. գլխաւոր յանձնաժողովի պաշտօնատարը յայտարարած է՝ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու կողմէ ռուսաստանեան Սու-24 ռմբակոծիչը Սուրիոյ տարածքին խոցելու առնչութեամբ:
Սերգէյ Ռուտսգոյ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ ռուսաստանեան օդանաւերու համար հաւանական վտանգ ներկայացնող բոլոր թիրախները պիտի ոչնչացուին: Հրամանատարի խօսքով` Ռ.Դ. Գլխաւոր Յանձնաժողովը ներկայիս լրացուցիչ ձեռնարկներ կը մշակէ Սուրիոյ մէջ ռուսաստանեան թռիչքային կայանի անվտանգութեան ապահովման համար: Ան ըսած է, որ Նոյեմբեր 24էն սկսեալ ռուսաստանեան հարուածային թռիչքներու բոլոր գործողութունները պիտի իրագործուին միմիայն կործանիչ-օդանաւերու պաշտպանութեամբ:
«Միջոցներ պիտի ձեռնարկուին նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան ուժեղացման գծով: Այդ նպատակով C-300 ՀՕՊի նման «Ֆորտ» ՀՕՊ համակարգով սարքաւորուած «Մոսկուա» յածանաւը պիտի զբաղեցնէ Լաթաքիոյ մերձափնեայ շրջանը»,- յայտարարած է ռուս հրամանատարը:
Նշենք, որ Ռ.Դ. նախագահ Վլատիմիր Փութին Նոյեմբեր 24ին ռուսաստանեան Սու-24 ռմբակոծիչը Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէն խոցուելու գործողութիւնը անուանած է «ահաբեկիչներու յանցակիցներու հարուած Ռ.Դ.ի թիկունքին»: «Այդ ողբերգական իրադարձութիւնը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ ռուս-թրքական յարաբերութեանց համար,- աւելցուցած է ան: