Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt20 ­Նո­յեմ­բեր 2015ի ե­րե­կո­յեան, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Կըր­թա­կան-­Հա­յա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քին կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած հա­յա­գի­տա­կան դա­սըն­թաց­քին: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը բա­ժան­մուն­քի գոր­ծա­վար ­Ժի­րայր ­Դա­նիէ­լեա­նի,

դա­սա­ւան­դող­նե­րու եւ ­Միա­բան ­Հայ­րե­րու ներ­կա­յու­թեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ դա­սըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած ե­րե­սու­նէ ա­ւե­լի ու­սա­նող­նե­րուն հետ:

­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը յի­շե­ցուց, թէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր բնա­գա­ւառ է Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ այս առն­չու­թեամբ տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու դի­մած ենք: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով մեր ­Մայ­րե­նիին դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, նաեւ հաս­տա­տե­ցինք այս դա­սըն­թաց­քը չորս տա­րի­ներ ա­ռաջ: Ան իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ փոր­ձա­ռա­կան շրջա­նը ան­ցած ենք եւ տա­րո­ւէ տա­րի ա­ւե­լի ծրագ­րո­ւած կը պատ­րաս­տո­ւին ու կը հա­մադ­րո­ւին դա­սըն­թաց­քին նիւ­թե­րը: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը պար­զեց, որ յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նը պի­տի ըլ­լայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նել այս դա­սըն­թաց­քը եւ նշեց, թէ այդ ուղ­ղու­թեամբ ար­դէն սկզբնա­կան աշ­խա­տանք մը կը տա­րո­ւի:

­Պա­րոն ­Դա­նիէ­լեան նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին եւ ը­սաւ, թէ հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ ա­շա­կերտ­նե­րու ընտ­րու­թեան ի­մաս­տով ա­ւե­լի խստա­պա­հանջ էինք, այ­սօր ա­շա­կերտ­նե­րու այս­քան մեծ թի­ւով կը սկսինք մեր տա­րին: Ան վստա­հե­ցուց, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ան­պայ­ման իր դրա­կան ար­դիւն­քը պի­տի տայ մեր գա­ղու­թէն ներս: