Գանձասարի մէջ բացուեցաւ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան-«Գանձասար» Գիտամըշակութային Կեդրոնը: Մատենադարանի բացման ներկայ էին Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակօ Սահակեան, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան, մշակոյթի նախարարները, բարձրաստիճան այրեր, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ: Բացման արարողութեան առիթով տեղի ունեցած է Մատենադարանի գիտաշխատողներու «Արցախի մանրանկարչական արուեստը» եւ «Արցախի գրչութեան կեդրոնները» գիրքերուն շնորհանդէսը: Գանձասարի գիտամշակութային կեդրոնի բացման առիթով՝ Սերժ Սարգսեան կեդրոնին նուիրաբերած է 12-13-րդ դարերու Կիւլիստանի Աւետարան մը:
Կեդրոնը կազմուած է գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ ձեռնարկներու իրականացման համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են Արցախի մէջ վաղ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջանը ստեղծուած 100է աւելի ձեռագիրներու, Արցախի պատմութեանն առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներու բնագիրներ ու ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր: Ցուցանմուշներու ստեղծման աշխատանքները մեկնարկած են եօթը տարի առաջ եւ պատասխանատուներու հաւաստմամբ պիտի ունենան շարունակական բնոյթ:
Մատենադարան-Գանձասար Գիտամշակութային Կեդրոնի բացումին խօսք ունեցան Արցախի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան, Հ.Հ. Գ.Ա.Ա. նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆեսոր, հայագէտ Թել Մարտենուանլինտ: Ելոյթներէն ետք, հոգեւոր հայրերու օրհնութեան եւ աղօթքին ներքոյ՝ կատարուեցաւ մատենադարանի հանդիսաւոր բացումը:
Մատենադարանի շէնքը հիմնանորոգուած է «Փիւնիկ» մարդկային աղբիրներու զարգացման համահայկական Հիմնադրամի միջոցներով: Մասնաճիւղը պիտի գործէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի կառուցուածքին մէջ, եւ անոր լիարժէք գործունէութեան ուղղուած աշխատանքներուն մէջ պիտի կիրառուին Մատենադարանի գիտական ու գիտատեխնիկական ողջ ներուժը: