Սուրիոյ ներկայ պայմաններու մէջ «Գանձասար» շաբաթաթերթի հրապարակումը ինքնին հերոսութիւն է։ Ուրախալի է, որ «Գանձասար»ի կայքը, անտեսելով բոլոր դժուարութիւնները, նաեւ նկատելի յառաջընթաց կ’ունենայ: Գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի նշանակումէն ետք, նոր թափ ստացաւ կայքի facebookեան էջը, եւ շաբաթաթերթը իր արագ եւ հաւաստի լրատուութեամբ՝ Սփիւռքի միւս թերթերուն համար դարձաւ սուրիահայութեան իրավիճակի մասին ճիշդ իրազեկման գլխաւոր աղբիւրը։ Այժմ թերթը ունեցաւ իր նոր կայքէջը, որ առաւել մատչելի է ու արդիական www.kantsasar.com