Շուէտի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ գտնուող Շիրաթոն հիւրանոցին մէջ, Նոյեմբեր 18ին կազմակերպուած էր բազմամշակութային եւ կրօնական համերաշխութեան նուիրուած Սեմինար, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ատրպէյճանի գլխաւոր միւֆթին եւ այլ կրօնական այրեր։
Այս մասին «Եռագոյն»ին փոխանցած են Շուէտի իր աղբիւրները։
Շուէտի Հ.Յ.Դ. Հիւսիսեան Առանձնակի Կոմիտէի եւ Հ.Յ.Դ. Շուէտի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է քարոզչական ցոյց. հայ երիտասարդները հիւրանոցին դիմաց բացագանչութիւններով եւ Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ քանդուած հայկական յուշանկարներու նկարներով եւ բացատրութիւններով՝ թերթիկներ բաժնած են անցորդներուն եւ ժողովի մասնակիցներուն։
«Ոստիկանութիւնը թերթիկները կարդալով ողջունեց մեր նախաձեռնութիւնը, բայց այնուամենայնիւ մեր անձնագիրները գրաւեցին, հիւրանոցի տնօրինութիւնը աւելի զայրացած էր, անոնք թոյլ չտուին, որ հայերու ներկայացուցիչը, որ պաշտօնապէս հրաւիրուած էր ժողովին, ներս մտնէ»,- յայտնած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը։