Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Նոյեմբեր 18ին, իր երկրին քաղաքապետերու ժողովին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ, կոչ ուղղեց կազմելու ընդլայնուած դաշինք մը՝ ՏԱՀԵՇի եւ ահաբեկչութեան վճռական հարուածներ հասցնելու համար` նշելով, թէ հարցը կը վերաբերի խմբաւորումի մը, որ ամբողջ աշխարհին կը
սպառնայ եւ ոչ թէ միայն որոշ երկիրի մը:
«Ահաբեկիչները ուզեցին՝ իր պաշտպանած տիեզերական արժէքները հարուածելու ճամբով` Ֆրանսան մղել խաւարի ու վախի»,- ըսաւ Հոլլանտ: Ան յայտնեց, որ ֆրանսացի ժողովուրդը պաշտպանելը պարտաւորութիւն մըն է` նշելով, թէ ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին պիտի ամրապնդէ քաղաքապետութիւններուն մէջ ապահովական ուժերը:
Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇի դէմ գործողութիւններուն մէջ մագլցում արձանագրուած է` նշելով, որ «Շարլ տը Կօլ» օդանաւակիրը երէկ նաւարկած է մասնակցելու համար այդ հարուածներուն:
Հոլլանտ յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է սահմանային հսկողութիւնը վերականգնել` նշելով, որ առաջարկած է ընդլայնել Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը:
Անդրադառնալով ապահովական մարմիններու կողմէ խուզարկութիւններուն` ան յայտնեց, որ անոնց նպատակը հաւանական մեղսակիցները բացայայտելն է, ծայրայեղականութիւնը մեկուսացնելն ու մաքսանենգութեան վերջ տալը` աւելցնելով, որ Ֆրանսա պէտք է արտակարգ վիճակներու դիմակայման համար օրէնսդրական ամուր ենթահող մը ունենայ` նշելով, թէ ինք յանձնարարած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխում կատարել:
Հոլլանտ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը սկսած է տարիներ առաջ, սակայն ահաբեկչութեան վերջ տալու համար յաւելեալ ժամանակի կարիք կայ: