Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եր­կու­շաբ­թի՝ 16 ­Նո­յեմ­բեր 2015ի ե­րե­կո­յեան, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հան­դի­պում մը ու­նե­ցած է հայ սրբան­կար­չու­թեան դա­սըն­թաց­քի հե­տե­ւող­նե­րուն հետ։ Այս երկ­րորդ տա­րին է, որ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Կի­լի­կիա» ­Թան­գա­րա­նը հայ սրբան­կար­չու­թեան յա­տուկ դա­սըն­թացք

կը կազ­մա­կեր­պէ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ներս, ­Յով­սէփ Վրդ. Աշ­գա­րեա­նի ու­սո­ղու­թեամբ։ Այս տա­րի եւս, ա­շա­կերտ­ներ պի­տի ծա­նօ­թա­նան հայ սրբան­կար­չու­թեան ա­րո­ւես­տին եւ գործ­նա­պէս պի­տի սոր­վին սրբան­կար­ներ պատ­րաս­տե­լու ա­րո­ւես­տը: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը՝ իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղե­լով դա­սըն­թաց­քի հե­տե­ւող­նե­րուն, նախ գնա­հա­տեց ա­նոնց ու­նե­ցած սէրն ու նո­ւի­րու­մը հայ սրբան­կար­չու­թեան նկատ­մամբ։ Ան, ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով բա­ցատ­րեց սրբան­կար­նե­րուն աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան խորքն ու ի­մաս­տը, եւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տե­ցու­մը՝ թէ՛ ի­քոն­նե­րու եւ թէ՛ սրբան­կար­նե­րու նկատ­մամբ։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը գնա­հա­տեց ­Յով­սէփ Վրդ. Աշ­գա­րեա­նի ցու­ցա­բե­րած նա­խան­ձախն­դիր աշ­խա­տան­քը։ Ա­պա՝ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ դա­սըն­թաց­քի հե­տե­ւող ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խա­տան­քին։