Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վան նա­հան­գի Ար­ճէ­շի շրջա­նի ­Թոնդ­րակ գիւ­ղին մէջ, թուրք զի­նո­ւոր­ներ այ­րած են զո­հո­ւած քիւրտ մար­տիկ­նե­րու դիակ­նե­րը, ա­պա՝ մոխ­րա­ցած դիակ­նե­րուն վրայ շուրջ­պար բռնած են,- կը հա­ղոր­դէ քրտա­կան լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: ­Նո­յեմ­բեր 15ին Ար­ճէ­շի ­Թոնդ­րակ գիւ­ղին մէջ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու ու

քիւրտ մար­տիկ­նե­րու մի­ջեւ բախ­ման վե­րա­բե­րեալ սար­սա­փե­լի տե­ղե­կու­թիւն­ներ յայտ­նած են տե­ղա­ցի­նե­րը:

­Թոնդ­րակ­ցի­նե­րը պատ­մած են, որ թուրք զինուոր­նե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են տան մը վրայ, ուր ե­ղած են 3 քիւրտ զի­նեալ: ­Զի­նո­ւոր­նե­րը չեն բա­ւա­րա­րո­ւած տու­նը ռմբա­կո­ծե­լով ու ցանց սար­քե­լով, այլ 3 քիւրտ մար­տիկ­նե­րը սպան­նե­լէ ետք՝ այ­րած են ա­նոնց դիակ­նե­րը: Ա­կա­նա­տես­նե­րը պնդած են, որ զի­նո­ւոր­նե­րը ի­րենց յա­ջո­ղու­թիւ­նը նշած են սպան­նո­ւած քիւրտ մար­տիկ­նե­րուն վրայ շուրջ­պար բռնե­լով:

Ա­կա­նա­տես­նե­րը պատ­մած են նաեւ, որ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը դիակ­նե­րը այ­րե­լու ժա­մա­նակ սպառ­նա­ցած են քիւրտ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն` ը­սե­լով.- «­Բո­լորդ հայ էք, դուք դեռ ձեր օ­րը կը տես­նէք»: